image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Ալիեւի. Մէկ դարու համար կազ ունին Եւրոպայի համար

Ըստ Ալիեւի. Մէկ դարու համար կազ ունին Եւրոպայի համար

Ատրպէյճանը հարիւր տարի կրնայ Եւրոպայի համար ուժանիւթի յուսալի մատակարար ըլլալ, երկուշաբթի յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ Հունգարիա կատարած այցի ժամանակ, յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն։

«Մեր երկիրը բաւականաչափ ուժանիւթ ունի, որ բաւարարէ Եւրոպայի կարիքները՝ որպէս վստահելի մատակարար առաջիկայ հարիւր տարուան»,- Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հետ հանդիպման ժամանակ Ալիեւի խօսքերը մէջբերած է MTI գործակալութիւնը։

Օրպանն իր հերթին ըսած է, որ Ատրպէյճանը խոստացած է մինչեւ 2027 թուականը կրկնապատկել Եւրոպա մատակարարուող բնական կազի քանակը, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովու տակով Եւրոպա կանաչ ելեկտրական ուժանիւթ մատակարարելու համաձայնագիր ստորագրած է Վրաստանի, Հունգարիոյ եւ Ռումինիոյ հետ։

«Ատրպէյճանէն եկող եւ՛ բնական կազը, եւ՛ ելեկտրականիւթիւնը կ'անցնի Հունգարիոյ տարածքով, ուստի Հունգարիան նոյնպէս կը շահի այս նոր իրավիճակէն։ Մենք ուրախ ենք, որ Հունգարիան կը դառնայ լուծման մաս, այլ ոչ թէ խնդրի՝ Եւրոպայի ուժանիւթի մատակարարման առումով»,-ըսած է Օրպան։

Այցի ընթացքին ստորագրուած են եօթ համաձայնագրեր, որոնցմէ կարեւորը ընդլայնուած ռազմավարական գործընկերութեան մասին հռչակագիրն է։ Մնացածը վերաբերած են բնական կազի, գիւղատնտեսութեան, տիեզերական հետազօտութիւններու եւ գաղթի ոլորտներու մէջ համագործակցութեան: