image
Հրատապ լուրեր:

Ընկեր Ցոլակ Յովսէփեանի Յիշատակին

Ընկեր Ցոլակ Յովսէփեանի Յիշատակին

Ցաւով իմացանք բոլորիս սիրելի ընկեր Ցոլակ Յովսէփեանի մահուան տխուր լուրը:

104ամեայ ընկեր Ցոլակը ոչ եւս է, մենք կը հաւատանք սակայն ան իր կտակած բազմաթիւ աշխատանքներուն եւ յիշատակներուն ընդմէջէն յաւերժօրէն պիտի շարունակէ ապրիլ իր հարազատներուն եւ մանաւանդ «Ասպարէզ»ի բովէն անցած դաշնակցական ընկեր ընկերուհիներուն հոգիներուն մէջ, որոնք նաեւ պատիւը ունեցած են իր պրիսմակին յանձնելու լուսանկարուելու հաճելի պահը:

Այո՛, ընկեր Ցոլակը մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ օրինակելի, տիպար եւ ազնուասիրտ իր երդումին հաւատարիմ դաշնակցական ընկեր:

Իր մահը կը յուզէ մեզ բոլորս, եւ յառաջիկային պիտի զգանք իր առ յաւէտ մեկնումը ու վստահաբար մեծապէս պիտի զգացուի իր բացակայութիւնը «Ասպարէզ»ի ընդարձակուած ընտանիքին կողմէ:

Թող Աստուած երկնային անդաստաններուն մէջ յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զարհուրանքի երկունքով ծնունդ առած բազմաչարչար ու բազմակնճիռ 104ամեայ վաստակաշատ ընկեր Ցոլակ Յովսէփեանի մաքրակենցաղ հոգին եւ մեզ հիւրընկալող Ամերիկայի հողը թեթեւ հանգչի իր յոգնած ոսկորներուն վրայ:

 

ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ։

Վշտակից՝
Յակոբ Ճանպազեան

Թորոնթօ

 

Նիւթը՝ «Ասպարէզէն»