image
Հրատապ լուրեր:

Ընդդիմութիւնը ԱԺ եկաւ «Քաղբանտարկեալ» շապիկներով

Ընդդիմութիւնը ԱԺ եկաւ «Քաղբանտարկեալ» շապիկներով
2 Օգոստոսին Հայաստանի 8-րդ գումարման նորընտիր Ազգային ժողովը իր առաջին նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ 44-օրեայ պատերազմին զոհուածներու յիշատակին:
 
Առաջին նիստին ներկայ եղան Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը եւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը:

Նիստը կը կայանայ Հայաստանի քրտական համայնքի ներկայացուցիչ Կնեազ Հասանովի ժամանակաւոր նախագահութեամբ:

Խորհրդարանականները ոտնկայս լսեցին հանրապետութեան օրհներգը եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի հետ միասին կարդացին «Հայր մեր» աղօթքը:

Հարկ է նշել, որ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները խորհրդարանի նիստին եկած էին սպիտակ շապիկներով, որոնց վրայ իրենց ընկերներու սեւ-սպիտակ լուսանկարներն են՝ «քաղբանտարկեալներ» գրութեամբ: