image

Ընդդիմադիր պատգամաւոր՝ ՀՅԴ-ական Մհեր Սահակեանն ազատ արձակուեցաւ

Ընդդիմադիր պատգամաւոր՝  ՀՅԴ-ական Մհեր Սահակեանն ազատ արձակուեցաւ

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Մհեր Սահակեան, որ ձերբակալուած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վլատիմիր Վարդանեանը հարուածելու համար, 3 ապրիլին, ազատ արձակուած է ձերբակալուածներու պահման վայրէն:

Սահակեան դիմաւորուած է ծափերով։ Դիմաւորողներու շարքին եղած են նաեւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Իշխան Սաղաթէլեան ու Գեղամ Մանուկեան:

Յիշեցնենք, որ 31 մարտին յայտնի դարձած է, որ ՔՊ–ական պատգամաւոր Վլատիմիր Վարդանեանի եւ Մհեր Սահակեանի միջեւ միջադէպ տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի պետական իրաւական մշտական յանձնաժողովի փակ նիստին։

Դէպքի վերաբերեալ Քննչական կոմիտէն յայտնած էր, որ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը հաղորդում ստացած է, որ Մհեր Սահակեան անհիմն դիտողութիւն ըրած է Վլատիմիր Վարդանեանին բարձր թոնով խօսելու համար, ապա մօտեցած եւ աջ ձեռքը գտնուող ինչ որ առարկայով մէկ անգամ հարուածած է Վարդանեանի ձախ յօնքը, որու հետեւանքով վերջինս ինկած է։

Դէպքի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։

Մհեր Սահակեանն առերեւոյթ յանցաւոր արարք կատարելու մէջ անմիջականօրէն ծագած հիմնաւոր կասկածի հիմքով ձերբակալուած էր եւ տարուած ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութեան բաժին։ Վլատիմիր Վարդանեանն ալ վնասուածքով, բուժօգնութիւն ստանալու նպատակով տեղափոխուած էր «Նաիրի» բժշկական կեդրոն։ Ան ճանաչուած էր տուժող։