image

Ընդամէնը սովորական կարծուած նկար մըն է. Նուիրումի ճանապարհով

Ընդամէնը սովորական կարծուած նկար մըն է. Նուիրումի ճանապարհով

 Տ. Պարթեւ Աւ. քահանան մէկն է անոնցմէ, որ մեզ առաւելապէս իրական հաւատքի՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ակունքներուն կը կանչեն, ոչ աւելի, եւ ոչ պակաս, առանց աւելորդաբանութեան եւ ամէնակարեւորը խոնարհ ու բարի ձեռքերով։Ընդամէնը լուսանկար մըն է, հեռաւոր Սիտնիյիի ափերէն, ուր հայութեան մեծ պատկերի փոքրիկ մոզայիքները, կ՚ապրին, կ՚՚արարարեն ու ամենակարեւորը կը հաւատան։ 

Մեր ընթերցողներէն քիչեր լսած կրնան ըլլալ հեռաւոր Աւստրիալիոյ մէջ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցող Արժ. Տ Պարթեւ Աւագ քհնյ. Գարագաշեանին մասին։

Արմատներով Պոլսէն եւ կեանքի տարբեր ալիքներու բերումով Աւստրալիա հասած Տէր Հայրը ծառայութեան վառ օրինակ է բոլոր անոնց համար, որ իրապէս կը հասկնան քրիստոնէական ծառայութեան իրական իմաստը։

Ի վերջոյ հարց պիտի տանք, ինչ է քրիստոնէութիւնը։ Հոգեւոր արժանիքներու այդ կուռ շէնքը, որուն բոլոր պատուհանները դէպի հաւատքի Աստուած կը բացուին։

 Սիրել, մխիթարել, լաւ խօսք մը ըսել եւ ի վերջոյ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մարմնէն մասնիկ մը տալ՝ հաղորդել, բոլոր անոնց, որոնք կարիքն ունին այդ հաղորդութեան։

 Ահա քրիստոնէութեան իսկական արժէքը, որ միշտ ալ վեր պիտի մնայ ձեւական երեւոյթներէն, յոբելինական հանդիսութիւններէն կամ շէնշող համարուած այցելութիւններէն, որոնք ինչքան առատ են մեր օրերուն։

 Տ. Պարթեւ Աւ. քահանան մէկն է անոնցմէ, որ մեզ առաւելապէս իրական հաւատքի՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ակունքներուն կը կանչեն, ոչ աւելի, եւ ոչ պակաս, առանց աւելորդաբանութեան եւ ամէնակարեւորը խոնարհ ու բարի ձեռքերով։Ընդամէնը լուսանկար մըն է, հեռաւոր Սիտնիյիի ափերէն, ուր հայութեան մեծ պատկերի փոքրիկ մոզայիքները, կ՚ապրին, կ՚՚արարարեն ու ամենակարեւորը կը հաւատան։ 

Այսօր ինչքան կարիքն ունինք իրական հաւատքի, ինչքան կարիքն ունինք իրական ինքնաճանչողութեան, որպէսզի միով բանիւ դիմացինը չմեղադրենք ու ամենակարեւորը... հաւատանք ու սիրենք։

 

 

 

 

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...