Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն յայտարարուած է ընդդիմադիր «Ժողովրդական դաշինք»-ի միակ թեկնածուն Թուրքիոյ 14 մայիսին նշանակուած համընդհանուր ընտրութիւններուն, ան կը մրցակցի «Հանրապետական դաշինք»-ի թեկնածու, երկրի գործող նախագահ Թայէպ Էրտողանի հետ, յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստին»։
Քըլըչտարօղլուի, որպէս ընդդիմադիր թեկնածուի անունը յայտարարած է «Երջանկութիւն» կուսակցութեան նախագահ Թեմել Քարամոլլաօղլուն։ Կուսակցութեան գլխաւոր շտաբին մէջ տեղի ունեցած է «վեցի սեղանի» (ինչպէս Թուրքիոյ մէջ փորձագէտներն ու լրագրողները կ'անուանեն ընդդիմադիր դաշինքի հանդիպումները) հանդիպումը, որմէ յետոյ կը սպասուէր ընդդիմադիր դաշինքի թեկնածուի անուան հրապարակումը։
Յատկանշական է, որ Քըլըչտարօղլուի անուան հրապարակման նախորդած է դաշինքի ներքին հակամարտութիւնը։ Այսպէս, «Լաւ» կուսակցութեան առաջնորդ Մերալ Աքշէնէր աւելի վաղ յայտարարած էր, որ դաշինքն այլեւս չ'արտայայտեր ժողովուրդի իրական շահերը։ Հակամարտութիւնը ծագած է այն պատճառով, որ հինգ կուսակցութիւններ առաջարկած են Քըլըչտարօղլուի թեկնածութիւնը, իսկ «Լաւ» կուսակցութիւնը մտադիր էր քննարկել Պոլսոյ եւ Անգարայի քաղաքապետներու թեկնածութիւնները։