Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրամանագիր ստորագրած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման հարցով պետական յանձնաժողով ստեղծելու մասին: Յանձնաժողովի նախագահ նշանակուած է Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւը:
Յանձնաժողովի անդամներն են` Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան փոխվարչապետը. Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարարը; Ատրպէյճանի ներքին գործոց փոխնախարարը; Ատրպէյճանի բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու փոխնախարարը; Ատրպէյճանի արդարադատութեան փոխնախարարը; Ատրպէյճանի գիւղատնտեսութեան փոխնախարարը; Ատրպէյճանի պաշտպանութեան փոխնախարարը; Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարի առաջին տեղակալը; Ատրպէյճանի պետական սահմանային ծառայութեան ղեկավարի տեղակալը; Ատրպէյճանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավարի տեղակալը; «Ատրպէյճանի մելիորացիա եւ ջրային տնտեսութիւն» ԲԲԸ-ի նախագահի տեղակալը; Ատրպէյճանի Տնտեսութեան ¬նախարարութեան գոյքային հարցերու պետական ծառայութեան պետը, Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի օրէնսդրութեան եւ իրաւական քաղաքականութեան բաժնի ղեկավարը, Ղազախի շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավարը, Աքստաֆայի շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավարը; Թովուզի շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավարը; Քետապեքի շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավարը; Դաշքեսանի շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավարը; Քալբաջարի շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավարը; Լաչինի շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավարը; Քուպաթլիի շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավարը; Զանգիլանի շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավարը:
Ատրպէյճանի կառավարութեան յանձնարարուած է ապահովել մշտական փորձագիտական խումբի ստեղծումը` բաղկացած Պետական յանձնաժողովի քարտուղարութեան եւ համապատասխան պետական մարմիններու (հիմնարկների) մասնագէտներէ: