image

Յայտնի է Իզմիրի հրդեհի իրական պատճառը

Յայտնի է Իզմիրի հրդեհի իրական պատճառը

Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան եւ անտառտնտեսութեան նախարար Իպրահիմ Եումաքլը յայտնած է, որ Իզմիրի մէջ հրդեհի պատճառը երեք մարդոց կողմէ դաշտագնացութեան ժամանակ վառած կրակն է, տեղեկացուցած է TRT Haber։

Եումաքլը, որ այցելած է Իզմիր հրդեհի պատճառով, յիշեցուցած է, որ իր յայտարարութեան մէջ, որ ըրած է Սեյիրթեփէի հրդեհի մասին երէկ տեղեկութիւն ստանալէն յետոյ, ամբողջ Թուրքիայով բռնկած է 72 հրդեհ, որոնցմէ 45-ը առնուած է վերահսկողութեան տակ, 27-ը կը շարունակեն մարել։ Ան յայտնած է, որ երէկուան տեղի ժամանակով ժամը 10.14-ին Քարշիյակի մէջ սկսած է եւս մէկ հրդեհ։

«Երկու հրդեհները սկսած են անտառային գօտիէն ներս։ Ցաւօք, պատճառը եղած է երեք մարդու վառած կրակը դաշտագնացութեան համար։ Այդ հրդեհները մարելու համար մենք ուղարկած ենք 5 օդանաւ, 14 ուղղաթիռ, 70 միաւոր ցամաքային փոխադրամիջոց եւ 445 հրշէջ»,- ըսած է ան։

Հրդեհի մեղաւորներու որոնումները կը շարունակուին, նշած են թրքական լրատուական միջոցները։ Աւելի վաղ անոնք տեղեկացուցած էին Թուրքիոյ մէջ խոշոր անտառային հրդեհներու մասին։