image

Յայտարարութիւն՝ Ուաշինկթընէն. «Նոր թափ տալ բանակցութիւններուն»

Յայտարարութիւն՝ Ուաշինկթընէն. «Նոր թափ տալ բանակցութիւններուն»

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով միտքեր փոխանակած են «հաւանական խաղաղութեան պայմանագրի տարրերու վերաբերեալ եւ արձանագրած, որ առկայ են շարք մը խնդիրներ, որոնք դեռ հասցէագրման կարիք ունին»։

Այդ մասին ըսուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ՝ 7 նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպման մասին, որուն յաջորդած է եռակողմ հանդիպումը ԱՄՆ պետքարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։

«Երկու կողմերը վերահաստատել են հոկտեմբերի 6-ին Պրահայում եւ հոկտեմբերի 31-ին Սոչիում տեղի ունեցած հանդիպումներում Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարների ստանձնած յանձնառութիւնները:

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարները պայմանաւորուել են թափ հաղորդել իրենց բանակցութիւններին ու եւս մէկ հանդիպում անցկացնել առաջիկայ շաբաթների ընթացքում», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք նաեւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ եռակողմ հանդիպման մեկնարկին՝ ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ըսած է, որ ուղիղ երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լաւագոյն միջոցն է կայուն խաղաղութեան հասնելու համար:

«Միացեալ Նահանգները յանձնառու է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն: Ուղիղ երկխօսութիւնը լաւագոյն միջոցն է կայուն խաղաղութեան հասնելու համար եւ մենք ուրախ ենք որ կրնանք աջակցիլ անոր:

Այն, ինչ հիմա կը տեսնենք, իրական եւ խիզախ քայլեր են երկու երկիրներու կողմէ՝ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ աշխատելու համար:

Միացեալ Նահանգները, հանդիսանալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բարեկամ, հաւատարիմ է ընելու ամէն հնարաւորը՝ աջակցելու համար ձեր այս ջանքերուն: Կ'ողջունեմ ձեր կառավարութիւններու խիզախութիւնն ու վճռականութիւնը», -ըսած է Պլինքըն: