Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, թէ «յատուկ գործողութիւնը կ'ընթանայ ըստ ծրագրի»:
«Ռուսաստանը ունի ինքնաբաւ կարողութիւններ այդ յատուկ գործողութիւնը իրականացնելու համար, այն կը զարգանայ ըստ կազմուած ծրագրի եւ ամբողջ ծաւալով պիտի աւարտի նախատեսուած ժամկէտին», ըսած է Վլատիմիր Փութինի խօսնակը` չնշելով որեւէ յստակ կամ մօտաւոր ժամկէտ:
Անոր փոխանցմամբ, նախագահ Վլատիմիր Փութին «յատուկ գործողութեան» սկզբնական փուլին Պաշտպանութեան նախարարութենէն պահանջած է «ձեռնպահ մնալ մեծ բնակավայրերու վրայ անմիջապէս գրոհելէ»:
Ռուսաստանի մէջ արգիլուած է Ուքրանիոյ վրայ յարձակումը անուանել «պատերազմ», անոր փոխարէն իշխանութիւնները եւ մամուլը կը կիրառեն «յատուկ գործողութիւն» եզրոյթը:
Փեսքով չէ բացառած, որ Ռուսաստանը կրնայ ամբողջական հսկողութեան տակ վերցնել Ուքրանիոյ մէծ բնակավայրերը: