image
Հրատապ լուրեր:

Յարգանքի տուրք մատուցուած է ՀՅԴ երախտարժան գործիչներէն՝ Սագօ Սարգիսեանի յիշատակին

Յարգանքի տուրք մատուցուած է  ՀՅԴ երախտարժան գործիչներէն՝  Սագօ Սարգիսեանի  յիշատակին

 Օրերս  տեղի ունեցած է յիշատակումը  ՀՅԴ  երախտաւոր  գործիչներէն՝  Սագօ Սարգիսեանի  յիշատակը։Այս մասին «Արեւելք»   վերահասու դարձաւ  ԱՄՆ  լոյս տեսնող  «Ասպարէզ»  պարբերականէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, Կլենտէյլի Ֆորեսթ Լոն գերեզմանատան մէջ, ծաղիկներ զետեղեց ՀՅԴ Բիւրոյի վաղամեռիկ անդամ Սագօ Սարգիսեանի շիրիմին` յարգանքի տուրք մատուցելով ընկերոջ յիշատակին։

Սագօ Սարգիսեան անջնջելի հետք ձգեց ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցին վրայ, անոր համադաշնակցական կազմակերպական կեանքին նոր որակ, բովանդակութիւն եւ ուժականութիւն հաղորդելով։

Սագօ Սարգիսեան ծնած է Պէյրութ, 20 Փետրուար 1945ին, տարսոնցի ծնողքէ: Ան ունէր չորս քոյրեր: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Նշան Ազգային վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1965ին: Համալսարանական ուսման համար, ան յաճախած է Պէյրութի Լիբանանեան գեղարուեստից ակադեմիան, որուն ընթացքը աւարտած է 1974ին իբրեւ ճարտարապետ:

Պատանեկան տարիքին ան մաս կազմած է Պէյրութի ՀՄԸՄի սկաուտական երկրորդ խումբին` ունենալով պատասխանատու դեր:

1965ին ան անդամակցած է ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական միութեան՝ ստանձնելով վարչական-կազմակերպական պատասխանատուութիւններ, իսկ 1966ին ան անցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը: 
 1972ին, Սարգիսեան ամուսնացած է զաւարեանական Զուարթ Սիւրմէլեանի հետ: Հայր էր երկու զաւակներու` Թալինին եւ Ռազմիկին:

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական միութենէն ետք ան անցած է թաղի «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութիւնը եւ մաս կազմած է անոր կոմիտէին:

1979ին եղած է անդամ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի:

Ան մասնակցած է ՀՅԴ 21րդ. (Դեկտեմբեր 1977 – Յունուար 1978) եւ 22րդ. (Դեկտեմբեր 1981) Ընդհանուր ժողովներուն: Այս վերջին ժողովին Սարգիսեան ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ՝ հանդիսանալով ամէնէն երիտասարդ դաշնակցականը, որ կ՛ընտրուի Բիւրոյի անդամ եւ ստանձնած է ՀՅԴ Երիտասարդական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու պաշտօնը:

Իբրեւ ճարտարապետ` անոր հիմնական աշխատանքը եղաւ Լիբանանի մէջ, Համազգայինի Մըզհերի բլուրին վրայ ընդարձակ համալիրի մը ծրագիրը, որուն միայն մէկը իրագործուած է այսօր՝ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի շինութիւնը: Ան նաեւ ճարտարապետն էր 1980ականներու առաջին կիսուն, Լիբանանի Ազգային խորհուրդի շէնքերուն:

Սագօ Սարգիսեան մահացաւ Լոս Անճելըսի մէջ, 22 Նոյեմբեր 1984ին:

Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները կատարուեցան 27 եւ 28 Նոյեմբեր 1984ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Անոր մարմինը մեծ թափօրով փոխադրուեցաւ Ֆորեսթ Լոն գերեզմանատունը։