image

Յանձնելն ու փոխանակելը տարբեր բաներ են. Սանոսեան անդրադարձած է անկլաւներու հարցին

Յանձնելն ու փոխանակելը տարբեր բաներ են. Սանոսեան անդրադարձած է անկլաւներու հարցին

Բանակցութիւններու մէջ անկլաւներու հետ կապուած տարբեր քննարկումներ եւ սենարներ կան։ Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեանը` անդրադառնալով անկլաւներու վերաբերեալ հարցին։

«Ակնյայտ է, որ երբ որ այդ պրոցեսը հասունանայ՝ կարեւոր դերակատարում կ'ունենայ այդտեղ իրաւական փաստաթղթերը։ Այսինքն` որեւէ տարածք, որեւէ կարգավիճակ ունենալու համար գոյութիւն ունի իրաւական հիմքեր։ Կարծում եմ` այդ ժամանակ գործընկերները կը տեսնեն` որ տարածքը ինչ իրաւական հիմք ունի»,–ըսած է նախարարը։

Անոր խօսքով` ակնյայտ է, որ անլկաւային տարածքներ ե՛ւ ատրպէյճանական, ե՛ւ հայկական կողմը ունի։ Այդպիսի հատուածներէն է 90–ականներու պատերազմէն ետք յատկապէս Տաւուշի մարզի այն տարածքները, որոնք կը գտնուին հիմա Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ։

«Կարծում եմ` այդ ամէնը մէկ ընդհանուր փաթեթի մէջ կը դիտարկուի»,–ըսած է ան:

Նախարարը համաձայն չէ լրագրողներու դիտարկման հետ, որ անկլաւները պիտի յանձնուին։

«Յանձնելն ու փոխանակելը տարբեր բաներ են, ինչու էք գիշեր–ցերեկ յանձնելուց խօսում»,–ըսած է ան։

Ինչ կը վերաբերի անոր, որ վիճայարոյց տարածքները Ատրպէյճանին վերադարձնելու պարագային հնարաւոր է պետական նշանակութեան ճանապարհներ յայտնուին թշնամիի վերահսկողութեան տակ`Սանոսեանը նշած է, որ բոլոր սենարներու պարագային պէտք է գտնեն լուծումներ եւ ինչպէս Սիւնիքի մէջ գտան լուծումներ` փոխարինող ճանապարհներով, այս պարագային ալ ելքեր կը մտածեն։ Նախարարը յորդորած է դէպքերէն առաջ չիյնալ եւ համբերել։