Վրաստանի իշխող ուժի՝ «Վրացական երազանք»-ի հիմնադիր եւ պատուաւոր նախագահ, մեծահարուստ Պիձինա Իվանիշվիլի յայտարարած է, որ 26 հոկտեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է «Նիւրնպերկեան դատավարութիւն» ըլլան «Ազգային շարժման» համար, ուր, անոր խօսքով, Վրաստանի ժողովուրդի սահմանադրական մեծամասնութիւնը համապատասխան վճիռ կայացնէ «անհայրենիք, օտարերկրեայ գործակալ քաղաքական գործիչներու այդ միութեան, որոնք պատրաստ են ցանկացած հակապետական յանձնարարութիւններու տակ ստորագրել»։
Այս մասին Իվանիշվիլի ըսած է Մցխեթայի մէջ կայացած նախընտրական հանդիպման։
Երեքշաբթի օր «Վրացական երազանք»-ը յայտարարութիւն տարածած է, ուր նշուած է, որ ընտրութիւններուն պիտի յաղթէ եւ խորհրդարանին մէջ սահմանադրական մեծամասնութիւն ստանալու պարագային նախկին նախագահ Միխէիլ Սաաքաշվիլիի հիմնադրած «Ազգային միացեալ շարժումը» պիտի յայտարարէ հակասահմանադրական կուսակցութիւն։