image
Հրատապ լուրեր:

Վրաստանի բնական աղէտին հետեւանքով հայորդիներ չեն մահացած

Վրաստանի բնական աղէտին հետեւանքով հայորդիներ չեն մահացած

Այս պահի դրութեամբ Վրաստանի Շովի լեռնային հանգստվայրին մէջ սողանքի հետեւանքով  զոհերու եւ տուժածներու շարքին ՀՀ քաղաքացիներ չկան։ Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։

Յիշեցնենք, որ Վրաստանի՝ Շովի լեռնային հանգստավայրին մէջ, տեղի ունեցած սողանքի շրջանին մէջ, փրկարարները կը փնտռեն 35 մարդ։

Աղէտի գօտիէն ուղղաթիռներով արդէն 200-է աւելի մարդ դուրս բերուած է, ինչ կը վերաբերի մարդոց, որոնց հետ կապ հաստատել չէ յաջողուած, անոնց թիւը 35 է, յայտնաբերման գործընթացը կը շարունակուի։