Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ զինծառայողներ տեղափոխող «Ուրալ» մեքենան դուրս եկած է ճանապարհէն եւ յայտնուած յարակից ձորակին մէջ, կայ չորս զոհ։
Աւելի ուշ ՊՆ խօսնակը յայտնած է, որ վթարի հետեւանքով կայ քսան վիրաւոր, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծայրայեղ ծանր է։
«Ապրիլի 12-ին՝ ժամը 15:25-ի սահմաններում, ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայողներին տեղափոխող «Ուրալ» մակնիշի ավտոմեքենան դեռեւս չպարզուած հանգամանքներում դուրս է եկել ճանապարհի երթեւեկելի հատուածից եւ յայտնուել յարակից ձորակի տարածքում: Վթարի հետեւանքով, նախնական տուեալների համաձայն, կայ 4 զոհ եւ վիրաւորներ: Տուեալներն այս պահին ճշգրտւում են»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Պատահարի վերաբերեալ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս պիտի գայ լրացուցիչ հաղորդագրութեամբ: