image

Ուրախ Լուր Ֆրեզնոյէն.Հայկ եւ Վանա ամուսնացեալք (Լուսանկար)

Ուրախ Լուր Ֆրեզնոյէն.Հայկ եւ Վանա ամուսնացեալք (Լուսանկար)

 Այս ուրախ առթիւ մեր խնդակցութիւնները կը յայտնենք ամուսանցեալներու հարազատներուն եւ մասնաւորապէս մեր թերթի բարեկամներէն, նուիրեալ ազգային՝ Տօքթ. Վաչէ Վասիլեանին, այն հաւատքով ու յոյսով, որ իր դուստրն ու փեսան յար եւ նման Վասիլեանններուն ստեղծեն հայկական շունչով, հայասիրտ ընտանիք մը։

 Երիտասարդ զոյգեր Վանա եւ Հայկ Սուրբ Խորանի առջեւ կանգնելով ուխտեցին միասին հիմնել ընտանեկան օճախ մը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ամուսնացեալներու հարազատներէն։

 Նշենք որ Վանայ Վասիլեան համալսարանական ուսանող է եւ վերջերս աւարտած է համալսարանի ատամնաբուժութեան առաջին փուլը իսկ Հայկ Գարամանլեան արհեստագիտութեան ոլորտին մասնաւորապէս օդանաւային արհեստագիտութեան ուսանող է եւ ուսանելու կողքին ալ արդէն իսկ կը գործէ ամերիկեան կարեւոր ընկերութեան մը մէջ։

Զոյգերու Սուրբ Պսակի խորհուրդը տեղի ունեցած է Ֆրէզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ ձեռամբ Արժ. Տ. Աշոտ քհնյ. Խաչատուրեանին եւ ի ներկայութիւն մեծ թիւով բարեկամներու եւ հարազատներու։

Ասպարէզի բերումով զոյգը ներկայիս բնակութիւն պիտի հաստատէ Լոս Անճելըսի մէջ, ու ապագային ալ շատ հաւանաբար անոնք փոխադրուին իրենց ծննդավայրը՝ Ֆրէզնո քաղաք։