Հայաշխարհի մէջ իր ուրոյն դերն ու տեղը ունեցող եւ Հայ Աւետարանական Համայնքի հիմնասիւներէն համարուող Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (AMAA) կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Ուր, որ հայութիւնը վիրաւոր է, տագնապ մը, վէրք մը, ճիչ մը ունի, հոն է նաեւ Աւետարանչականը։
Ընկերակցութիւնը, որ տարածուած է աշխարհով մէկ եւ շնորհիւ իր նոիրեալ բարերարներուն, անդամներուն ու հաւատացեալ անդամութեան օրերս նոր նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալով որոշած է ձեռք մեկնել Ուքրանիոյ ծանր պատերազմին հետեւանքով գաղթականի ցուպը բռնած մեր հայրենակիցներուն։ Այստեղ հարկ կը համարենք յիշեցնել, որ անցնող տաս տարիները բաւականին մեծ զոհողութիւններ պահանջող տարիներ հանդիսացան ԱՀԱԸ-ին համար։
Արդարեւ սկսած Սուրիոյ պատերազմէն, անցնելով Լիբանանի մէջ գլուխ ցցած բարդութիւնները եւ վերջապէս Արցախի մէջ տեղի ունեցած 44-օրեայ ողբերգական աւարտ ունեցող պատերազմը, միութիւնը ստիպուած եղաւ լարել իր կարողականութիւնը եւ բոլոր կարելի միջոցներով հասնիլ հայութեան եւ հայկական համայնքներու ծով կարիքներուն։
Հարկ կը համարենք նաեւ նշել, որ ԱՀԱԸ-ն կը տնօրինուի Հայ Աւետարանական Համայնքի անդամ հոգեւոր, թէ աշխարհիկ պատասխանատուներով, իսկ վերջին տարիներուն ԱՀԱԸ-ի տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ արմատներով հալէպահայ եւ երկար տարիներէ ի վեր ԱՄՆ հաստատուած, նուիրեալ ազգային գործիչ՝ Տիար Զաւէն Խանճեանը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Ուքրանիոյ հայ փախստականներու օգնութեան մասին ԱՀԱԸ-ի կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը։
Ուքրանական պատերազմի հետեւանքով շտապ մարդասիրական օժանդակութիւն անհրաժեշտ է՝ օգնելու հարեւան երկիրներու մէջ ապաստան եւ ապահովութիւն փնտռող պատերազմի զոհերուն։ Իրավիճակը գնահատելէ ետք, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչութիւնը շտապ օգնութեան անհրաժեշտ պիւտճէ մը յատկացուց Պուլկարիա հասած գաղթականներուն՝ տեղական Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներուն միջոցով։ Աւետարանչականը պիտի գնահատէ նաեւ կարիքներու այլ ոլորտներ։
Այս մասին Վառնայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի հովիւ՝ Վեր. Ներսէս Կէտիկեան կը գրէ.-
«Կիրակի օր, Եկեղեցւոյ պաշտամունքէն ետք գացինք Ուքրանիայի Գաղթականներու Կեդրոնը, ուր փախստականները գրանցուած են որպէս գաղթական։ Հանդիպեցանք անոնցմէ 54-ին հետ, որոնց բոլորին յատկացուած է ծովափին գտնուող յատուկ հանգստեան տուներ (pension)։ Շուտով անոնց սնունդի հարցը կը լուծուի։ Մինչեւ օրուան վերջը անոնց համար պիտի պատրաստուին տաք ճաշեր։ Մենք պիտի հոգանք անոնց բնակութեան եւ սնունդի հարցերը, Ուքրանիայի Գաղթականներու Օգնութեան Կեդրոնին հետ գործակցաբար։ Գաղթականներուն հետ մենք հաւաքուեցանք հանգստեան տուներու միջանցքներուն մէջ եւ աղօթեցինք եւ գովաբանեցինք զԱստուած իր հայրական սիրոյ եւ ողորմութեան համար։
Գաղթականներու խումբին մէջ կային կանայք, որոնցմէ մէկը կը սպասէ երեխայի եւ մօտ 12 փոքրիկ տղաք։ Այսօր մենք պիտի փորձենք բժիշկ տանիլ անոնց մօտ, որպէսզի բոլորը քննուին եւ վստահ ըլլանք որ անոնք առողջական խնդիրներ չունին։ Անոնցմէ մէկ երկուքը հաւանաբար պիտի ուզեն Հայաստան մեկնիլ։ Մենք պիտի օգնենք անոնց ճանապարհածախսի հարցով։
Բոլոր գաղթականները երախտապարտ են Աւետարանչականին այս անմիջական մարդասիրական աջակցութեան համար»։
«…քանի իմ այս եղբայրներուս փոքրագոյններէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք»։ (Մատթէոս 25. 40)