image

Իմարաթը Լիբանանի կողքին. 100 Միլիոն տոլար Հարաւի գաղթականներուն

    Իմարաթը Լիբանանի կողքին. 100 Միլիոն տոլար Հարաւի գաղթականներուն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները օգնութեան ձեռք մեկնած է Լիբանանցիներուն։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան թէլէկրամեան ալիքներէ, որոնք նշեցին, որ այսօր  յետմիջօրէին  Պէյրութի օդակայան ժամանած է ԱՄԷ-ի կողմէ Լիբանանին յատակցուած  օժանդակութեանց առաջին խմբաքանակը։ 

Կը նշուի նաեւ, որ Լիբանանին հասնելու որոշումը տրուած էր աւելի վաղ ԱՄԷ-ի նախագահ Մոհամմատ Պըն Զայէտ իշխանին հրամանաով, որու հիմամբ ալ  երկրի պետական գանձէն Լիբանանին պիտի տրամադրուի  100 միլիոն տոլարի հասնող օգնութիւններ։

Յիշեցնենք, որ  ութ օրէ ի վեր ընթացող պատերազմին հետեւանքով  աւելի քան 1 միլիոն  լիբանանցիներ դարձած են գաղթական իրենց երկրի աւելի անվտանգ շրջաններուն մէջ։