Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց ըսած է, որ սահմանները չեն կրնար փոխուիլ ուժով, եւ արեւմտեան երկիրները կ'աջակցին Ուքրանիոյ, որպէսզի ան կարողանայ պաշտպանել ինքզինք։
Միեւնոյն ժամանակ Շոլց կ'ենթադրէ, որ Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը դեռ երկար պիտի շարունակուի։ Այս կարծիքը ան յայտնած է երեքշաբթի երեկոյեան Քոտպուսի մէջ (Պրանտենպուրկի դաշնային նահանգ) համաքաղաքացիներու հետ հանդիպման ժամանակ, գրած է ԹԱՍՍ։
«Մենք մտավախութիւններ ունինք, որ այն դեռ երկար շարունակուի, թէեւ մենք, ի հարկէ, ամէն օր կը ցանկանք, որ ամէն ինչ այլ կերպ ըլլար», - ըսած է վարչապետը:
Այս առնչութեամբ Շոլց ընդգծած է, որ իր տեսանկիւնէն, անհրաժեշտ է տեւական հիմքերու վրայ դնել զէնքի ու զինամթերքի արտադրութիւնը։