image

Ուքրանիոյ պատերազմէն յետոյ կառուցել նոր աշխարհակարգ. Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ

Ուքրանիոյ պատերազմէն յետոյ կառուցել նոր աշխարհակարգ. Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ

Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն յայտնած է, որ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը կը շարունակէ քայլերու ձեռնարկել` Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ միջնորդական առաքելութիւն ստանձնելու համար, այդ շարքին` հանդիպում կազմակերպելու առաջարկ ընելով երկու երկիրներու նախագահներուն:

Քալընի խօսքով` Էրտողանի առաջարկին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին դրական արձագանգած է, իսկ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտնած է, որ կողմերու տեսակէտերը  բաւականաչափ մօտ չեն, եւ երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ հանդիպում կազմակերպելու համար դեռ պէտք է սպասել պատուիրակութիւններու աշխատանքի աւարտին:

Թուրքիոյ նախագահին խօսնակը նշած է, որ Պելառուսիոյ մէջ տեղի ունեցող հանդիպումներուն ընթացքին հիմնականին մէջ կը քննարկուին թեքնիք հարցեր: Քալընի համոզմամբ` Փութին-Զելենսքի հանդիպումը առանցքային է հիմնարար հարցերու լուծումներ գտնելու համար: Անոր գնահատմամբ` հանդիպման կազմակերպման պարագային ընդունուելիք որոշումները պիտի կանխորոշեն յառաջիկայ 10 տարիներու ընթացքը:

«Երբ այս պատերազմը աւարտի, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ կառուցել նոր աշխարհակարգ: Այս անվտանգային ճարտարապետութիւնը ձեւաւորելու համար այնպիսի հարցեր, ինչպիսիք են Ռուսաստանի դերն ու տեղը, Արեւմտեան դաշինքի հետ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, պիտի դառնան քննարկման հիմնական թեմաները», ըսած է Քալըն: