image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիոյ մէջ. Ըստ Շոյկույի Ռուսիոյ զօրքը 3000 վարձկան ոչնչացուցած է

Ուքրանիոյ մէջ. Ըստ Շոյկույի Ռուսիոյ զօրքը 3000 վարձկան ոչնչացուցած է

Ռուսիոյ Դաշնութեան Զինուած Ուժերը յատուկ ռազմական գործողութեան մեկնարկէն ի վեր Ուքրանիոյ կողմէ կռուող մօտ երեք հազար օտարերկրեայ վարձկան ոչնչացուցած է։ Այս մասին ուրբաթ կայացած նիստին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյգուն, գրած է ԹԱՍՍ-ը։

«Ուքրանիոյ զինուած ուժերու մեծ կորուստներու ֆոնին օտարերկրեայ վարձկաններու ներհոսքի նուազում կը նկատուի, յատուկ գործողութեան սկիզբէն անոնց թիւը նուազած է երեքուկէս անգամէմ աւելի՝ գրեթէ երեք հազարով։ Ոչնչացուած է 2831 զինեալ»,-ըսած է ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը։