Փութին խօսած է Ուքրանիոյ Մերձաւոր Արեւելքէն զինեալներու առկայութեան մասին
Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ռուսաստան կը փորձէ հակամարտութիւնը լուծել խաղաղ ճանապարհով, սակայն պաշտօնական Քիեւի ներկայացուցիչները ամէն կերպով խոչընդոտած են գործընթացը:
Ան յայտարարած է, որ իրենց տեղեկութիւններով այժմ Ուքրանիոյ մէջ կը սպաննեն այն մարդիկը, որոնք պաշտօնական դիրքորոշումէն տարբեր կարծիք կը յայտնեն։
«Մեզի մօտիկ մարդիկ ելլելով իրենց կարծիքը կը յայտնեն այն մասին, թէ ինչը կը հաւնին կամ ինչը չեն հաւնիր Ուքրանիոյ մեր գործողութիւններուն մէջ: Իսկ այնտեղ՝ Ուքրանիոյ մէջ, նման մարդիկ պարզապէս փողոցը կը բռնեն ու կը կրակեն»,- յայտարարած է Փութին:
Ան յայտնած է նաեւ, թէ ռուսական կողմը արձանագրած է, որ Ուքրանիոյ մէջ Մերձաւոր Արեւելքէն զինեալներ կան: «Մենք նաեւ արձանագրած ենք այնտեղ Մերձաւոր Արեւելքէն, որոշ եւրոպական երկիրներէ զիեալներու առկայութիւնը»,- ըսած է Փութին։