image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիոյ մէջ դատարանը հայու նկատմամբ բռնութիւն կիրառած 2 ատրպէյճանցի դատապարտած է 8 տարուան ազատազրկման

Ուքրանիոյ մէջ դատարանը հայու նկատմամբ բռնութիւն կիրառած 2 ատրպէյճանցի դատապարտած է 8 տարուան ազատազրկման

Ուքրանիոյ դատարանը Ատրպէյճանի քաղաքացի, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի մասնակից Միսիր Կասիմլին եւ անոր ընկերը՝ Սուպխան Կուլիեւը, դատապարտած է 8 տարուան ազատազրկման։

Ըստ ուքրանական լրատուամիջոցներու՝ անոնք մեղաւոր ճանչցուած են առեւանգման, խուլիկանութեան եւ զէնք-զինամթերք պահելու համար։

Ատրպէյճանցիները կալանաւորուած են 2021 թուականի յունիսին՝ Քիեւի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ անոնք բռնութիւն կիրառած են Սպանիոյ՝ ազգութեամբ հայ քաղաքացիի նկատմամբ: