image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիոյ համար. ԵՄ-ն եւ ՆԱԹՕ-ն իրենց համագործակցութիւնը պիտի խորացնեն

Ուքրանիոյ համար. ԵՄ-ն եւ ՆԱԹՕ-ն իրենց համագործակցութիւնը պիտի խորացնեն

Եւրոմիութիւնը եւ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքը կը նախատեսեն աշխուժացնել համագործակցութիւնը ուքրանական ճգնաժամի սրման պատճառով։

«ՆԱԹՕ-ն կը մնայ դաշնակիցներու հաւաքական պաշտպանութեան ողնաշարը եւ կարեւոր նշանակութիւն ունի եւրոաթլանթեան անվտանգութեան համար: Մենք կը գիտակցինք աւելի ուժեղ եւ արդիւնաւէտ եւրոպական պաշտպանութեան արժէքը, որ դրական ներդրում կ'ունենայ համաշխարհային եւ անդրաթլանթեան անվտանգութեան մէջ», -ըսուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ:

10 Յունուարին Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթընպըրկը, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լայէնը պիտի ստորագրեն երկու կազմակերպութիւններու միջեւ կապերու ամրապնդման համաձայնագիրը։

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ ՆԱԹՕ-ն եւ ԵՄ-ն հաւատարիմ են գործընկերութիւնը նոր մակարդակի հասցնելու՝ զօրաշարժի ենթարկելու իրենց տրամադրութեան տակ եղած բոլոր գործիքները՝ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական՝ ընդհանուր նպատակներուն հասնելու համար։