image

Ուքրանիան ԱԹՍ-ներով գրոհներ կատարած է Ռուսիոյ 6 տարբեր շրջաններու ուղղութեամբ

Ուքրանիան ԱԹՍ-ներով գրոհներ կատարած է Ռուսիոյ 6 տարբեր շրջաններու ուղղութեամբ

Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ գիշերը Ռուսիոյ Մոսկուայի, Փսքովի, Ռեազանի, Քալուկայի, Պրեանսքի եւ Օրեոլի շրջանները ենթարկուած են Ուքրանիոյ զինուած ուժերու անօդաչու սարքերու յարձակման: Սեւասթոպոլի շրջանին մէջ ալ Սեւծովեան նաւատորմի հակասուզանաւային ուժերու աջակցութեամբ ոչնչացուած են ծովային անօդաչու սարքերը:

Սակայն տրոններու ամենազանգուածային յարձակումը եղած է Փսքովի մարզին մէջ: Այնտեղ ուքրանական ԱԹՍ-ները թիրախաւորած են օդակայանը, որ կը գտնուի նաեւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ:

Ականատեսներու վկայութեամբ՝ մօտ 20 անօդաչու թռչող սարք մասնակցած է յարձակման, որու հետեւանքով Ռուսիոյ Դաշնութեան ռազմաօդային ուժերու չորս ռազմափոխադրային Իլ-76 օդանաւ վնասուած է։ Բացի այդ, Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տուեալով՝ հրկիզուած է երկու օդանաւ, հրդեհի մարման մասնակցած են 65 հրշէջ եւ 21 սարք: Յարձակման հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։

Յայտնի է նաեւ, որ Ռուսիոյ մայրաքաղաքի օդակայաններուն մէջ աւելի քան 40 թռիչք յետաձգուած է կամ չեղարկուած: Մասնաւորապէս, «Վնուքովո»ի մէջ յետաձգուած է 19 թռիչք, «Շերեմեթեւո»ի մէջ ՝ 8 թռիչք, իսկ «Տոմոտետովո»ի մէջ՝ 10 թռիչք յետաձգուած է, եւս 4-ը չեղարկուած են։