Ռուսիոյ Քուրսքի մարզի նահանգապետի պաշտօնակատար Ալեքսէյ Սմիրնովը հաստատած է, որ օգոստոս 10-ին, ուքրանական ներթափանցող-հետախուզական խումբը մտած է մարզի Պելովսքի շրջանի տարածք։
Այս պահին, ըստ անոր, Պելովսքի եւ Օպոյանսքի շրջաններուն մէջ բախումներ չկան։
«Ռուսիոյ Դաշնութեան զինուորականները յաջողած են կայունացնել իրավիճակը», - նշած է ան։
Աւելի վաղ Պելովսքի շրջանի ղեկավար Նիքոլայ Վոլոպուեւը յայտարարած էր շրջանի տարածքին մէջ «կայուն, բայց շատ լարուած» իրավիճակի մասին։
«Այս պահուն Պելովսքի եւ Օպոյանսքի շրջաններուն մէջ ռազմական բախումներ չկան, սահմանը կը պաշտպանեն զինուորականները: Մեր զօրքերը կ՚ընեն ամէն ինչ՝ խաղաղ բնակիչները պաշտպանելու համար»,- գրած է նահանգապետի պաշտօնակատար Սմիրնովը Telegram-ի իր ալիքին։
Ան նաեւ նշած է «խուճապէն խուսափելու» կարեւորութիւնը։ Այն բնակիչները, որոնք կ՚ուզեն ինքնակամ լքել տարածքները, կրնան դիմել վարչակազմի ղեկավարութեան կամ զանգել 112 հեռախօսահամարին, պարզաբանած է պաշտօնեան: