image

Ուաշինկթընի մէջ. ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը այցելած է ՀՀ դեսպանատուն

  Ուաշինկթընի մէջ. ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը այցելած է ՀՀ դեսպանատուն

Աւարտին, հիւպատոսին յանձնուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու մօտ դեսպան նշանակուած Արմէն Գարոյի յուշագրական «Ապրուած Օրեր» հատորէն օրինակ մը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ 31 Մարտին հանդիպում մը ունեցան Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունցի հետ, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի դեսպանատան մէջ։

Հանդիպման ընթացքին, Կեդրոնական կոմիտէն իր մտահոգութիւնները փոխանցեց Արցախի մէջ կացութեան վատթարացման նկատմամբ, յատկապէս Բերձորի (Լաչին) անցքին փակ մնալուն պատճառով, որ ճգնաժամի մատնած է արցախահայութիւնը եւ յստակացումներ պահանջեց, թէ ի՛նչ քայլեր կ՛առնուին Երեւանի կողմէ կացութիւնը բարելաւելու նպատակով:

Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին տոքթ. Քարմէն Օհանեան (ներկայացուցիչ), դոկտ. Յարութ Մկրտիչեան եւ Վահան Պզտիկեան, իսկ դեսպանին կողքին էին՝ դեսպանի տեղակալ Արթուր Գրիգորեան եւ խորհրդական Առաքել Սեմիրճեան։

Դեսպանին հաղորդուեցաւ, որ Կեդրոնական կոմիտէին համար Արցախի ժողվուրդի ինքնորշման իրաւունքի ապահովումը եւ Արցախի պետականութեան ու բանակին ամրապնդումը առաջնահերթութիւններ կը մնան եւ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան այդ նպատակով Արցախի եւ Հայաստանի մէջ Կեդրոնական կոմիտէին տարած եւ տարուող աշխատանքներուն մասին: Նաեւ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ճակատագիրին գծով։

Շեշտուեցաւ, թէ համայնքը պէտք է մղել աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու այսպիսի աշխատանքներու: Քննուեցան նաեւ Սփիւռքի եւ յատկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան կարելիութիւնները Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման ի սպաս դնելու ջանքերը:

Աւարտին, հիւպատոսին յանձնուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու մօտ դեսպան նշանակուած Արմէն Գարոյի յուշագրական «Ապրուած Օրեր» հատորէն օրինակ մը: