ՀՀ ԱԳՆ-ն յայտնած էր, որ ԱՄՆ-ի մէջ ընթացող բանակցութիւններու ժամանակ Միրզոյեանն ու Պայրամովը համաձայնութեան հասած են «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագրի նախագիծի եւս քանի մը յօդուածներու շուրջ։
«Նրանք համաձայնութեան են հասել համաձայնագրի նախագծի եւս մի քանի յօդուածների շուրջ եւ գրանցել փոխըմբռնման առաջընթաց՝ միեւնոյն ժամանակ արձանագրելով, որ մի քանի առանցքային հարցերի շուրջ դիրքորոշումները պահանջում են հետագայ աշխատանք», - յայտնած էին ԱԳՆ-էն։
ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը եւ ԱԳ փոխնախարար Վահան Կոստանեանը լրատուամիջոցներուն յայտնած են, թէ որ հարցերու շուրջ հետագայ քննարկման անհրաժեշտութիւն կայ։
«Այդ յօդուածներն են սահմանազատման գործընթացը, զօրքերի ետքաշում, միջազգային մեխանիզմի ձեւաւորում»,-տեղեկացուցած են ԱԳՆ ներկայացուցիչները։