Մենք այսօր նախաճաշ ունինք նախատեսուած Հայաստանի կողմի հետ, որու ժամանակ պիտի քննարկուի երկրին մէջ գալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները: Մենք պիտի խօսինք, թէ ինչով կրնանք անոնց օգնել այդ հարցով, յայտարարած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Քայա Քալլասը՝ խօսելով Պրիւքսելի մէջ այսօրուան օրակարգին մէջ քննարկուող հարցերու մասին:
«Ինչպէս Մոլոտովան, Հայաստանը նոյնպէս դրամաշնորհային աջակցութիւն խնդրած է մեզմէ «Արտաքին վնասակար ազդեցութեան դէմ պայքարի» համար», - նշած է Քալլասը:
Յիշեցնենք, որ երէկ ՀՀ ԱԳՆ-ն յայտարարած էր, որ դեկտեմբեր 15-ին նախարար Արարատ Միրզոյեանն աշխատանքային այցով պիտի գտնուի Պրիւքսէլի մէջ՝ մասնակցելու ԵՄ անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարների խորհուրդի ձեւաչափով հանդիպման։