Հայաստանի Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետի նախկին տեղակալ Ստեփան Գալստեանի վիրահատութեան պատճառով յետաձգուած է «ոչ-պիտանի հրթիռներու» քրէական գործով նիստը:
Յետաձգուած էր նաեւ նոյն գործով անցնող պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի ու միւս մեղադրեալներուն կալանքի դէմ Վերաքննիչ դատարան ներկայացուած բողոքի քննութիւնը:
Առաջին ատեանի դատարանը անցեալ ամսուայ վերջը որոշած էր անփոփոխ թողել պաշտպանութեան նախկին նախարարի, Գլխաւոր շտաբի պետի նախկին տեղակալ Ստեփան Գալստեանի, բանակին հրթիռներ մատակարարած ընկերութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեանի եւ Զինուած ուժերու ռազմական աւիացիայի նախկին պետ Աւետիք Մուրատեանի խափանման միջոցները: Կալանքիէն ազատ արձակուած էր միայն Օդագնացութեան սպառազինութեան պետ Արտիոմ Համբարեանը:
Դաւիթ Տօնոյեանի փաստաբան Սերկէյ Յովհաննիսեանը տեղեկացրեց, որ Վերաքննիչ դատարանին մէչ նիստի յետաձգման պատճառը իրենց կողմէ բարձրացուած հարցերն էին: Փաստաբանները, մասնաւորապէս, մտավախութիւն ունին, որ քրէական գործը օրէնքի խախտումով մակագրուած է դատաւոր Մնացական Յարութիւնեանին: Այդ պատճառով դատարանէն փաստեր պահանջած են:
«Անհրաժեշտ է իմանալ` մակագրման կարգը, ինչպէս յայտնի է` համակարգչով տեղի չի ունեցել, ձեռքով է տեղի ունեցել, ազգանունների այբբենական հերթականութեամբ պահպանուե՞լ է, թէ՞ ոչ», ըսած է Տօնոյեանի փաստաբանը:
Դատական գործերը այժմ դատաւորներին ձեռքով կը մակագրուին, քանի որ ելեկտրոնային մակագրման համակարգիչը առգրաւուած է մէկ այլ քրէական գործով: