image

Ոչ եւս է լիբանանցի յայտնի քաղաքական լրագրող՝ Սըճհան Ազզի

  Ոչ եւս է լիբանանցի յայտնի քաղաքական լրագրող՝ Սըճհան Ազզի

Պէյրութի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր աչքերը յաւերժին փակած է լիբանանցի հանրայայտ լրագրող  Սըճհան Ազզի։ Այս մասին կը տեղեկանանք  VDL կայանէն։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ազզի վերջին շրջանին ծանր հիւանդութեան մը բռնուած էր, որուն դէմ տարաւ անդուլ պայքար մը, բայց եւ այնպէս տեղի տալով փակեց իր աչքերը։

Ազզի իր  լրագրողական աշխատանքները սկսած է «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան «Ամալ» պարբերականին մէջ, որմէ ետք ալ գործած է «Թէլէվիզիոն Լուպնան» պետական հեռուստակայանին մէջ։

Ան եղած է «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան անդամ եւ շրջանի մը համար ալ վարած է  Տեղեկատւութեան նախարարութեան նախարարի պաշտօնը։

Ազզիի մահուան բօթը գուժեց նաեւ «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան նախագահ, պատգամաւոր Սամի Ժըմայէլ, որ նաեւ յայտնեց, որ Ազիի անունը փորագրուած պիտի մնայ զինք ճանչցողներուն ու նաեւ ազնիւ ու ազգային մօտեցում ունեցող բոլոր լիբանանցիներու սրտին  ու հոգիին մէջ։