image

Ոչ եւս է Յակոբ (Յովսէփ) Ղազարեանը. Հասիչէի հայկական համայնքի նուիրեալներէն մին

 Ոչ եւս  է  Յակոբ (Յովսէփ) Ղազարեանը. Հասիչէի հայկական համայնքի նուիրեալներէն մին

Դամասկոսի մէջ  իր մահկանացուն կնքած է  համայնքի յարգուած անդամներէն Յակոբ (Յովսէփ) Ղազարեանը։

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

Յակոբ Ղազարեան ծնած էր Գամիշլի 1958-ին  (Ան բնիկ Սասունցի էր)։ Յաճախած էր տեղի «Եփրատ» վարժարանը եւ վաղ երիտասարդութիւնէն սկսեալ նետուած էր կեանքի ասպարէզ։

Երիտասարդ Յակոբ հաստոցային  ասպարէզին մէջ (թորնո) իր ունակութիւնները զարգացնելէ ետք շրջան մը կ՚աշխատի Տէր Զօրի եւ Հալէպի մէջ ,  որմէ ետք ալ կը հաստատուի Հասիչէ եւ կը նուիրուի իր ասպարէզին։

Աւելի ուշ ընտանիք կը կազմէ եւ կը հիմնէ մեծ արհեստանոց դառնալով իր գործին մէջ յաջողակ եւ յարգուած անձնաւորութիւն։  Կեանքի ասպարէզին մէջ իր ունեցած յաջողութիւններուն կողքին կը հանդիսանայ հաւատարիմ զաւակը  Հասիչէի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Կարապետ եկեղեցւոյ եւ կը ծառայէ նուիրաբար դառնալով եկեղեցւոյ յարգուած թաղականներէն մին։ Ան միաժամանակ կը դառնայ բոլորին կողմէ յարգուած անձնաւորութիւն յաճախ հասնելով  իրենց շրջանի կարիքաւորներուն ու մնալով պատնէշի վրայ նոյնիսկ Սուրիոյ պատերազմի ծանր օրերուն։

Անհանգստութեան հետեւանքով անոր ընտանիքին կարգադրութեամբ հանգուցեալը կը փոխադրուի Դամասկոս, գտնուելով բժիշկներու խնամքին տակ, սակայն դարանակալ հիւանդութիւնը վերջակէտ մը կը դնէ անոր բեղուն եւ նուիրումով  նշանաւորուած կեանքին։

 Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուին այսօր ՝ երկուշաբթի Հասիչէի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ։

 Այս տխուր առթիւ մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն եւ մասնաւորապէս ԱՄԷ-ի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանին, որուն քեռին էր հանգուցեալը։