Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿ խաղաղապահ ուժերու գործողութիւններու ղեկավար նշանակուած է ՌԴ օդատեսանտային զօրքերու հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Անտրէյ Սերտիւքովը: Այս մասին յայտնած են Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Յիշեցնենք որ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի 4-րդ յօդուածին համաձայն՝ որոշում կայացուցած է սահմանափակ ժամանակահատուածով Ղազախստանի Հանրապետութիւն ուղարկել ՀԱՊԿ հաւաքական խաղաղապահ ուժեր՝ այդ երկրին մէջ իրավիճակի կայունացման եւ կարգաւորման նպատակով, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարփ Թոքաեւի դիմումին հիման վրայ: