Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով, հոկտեմբեր 23-ին, ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան կեդրոնական բաժին ներկայացած է Արցախի հերոս, Անվտանագութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը:
Բալասանեանը ոստիկանութեան ներկայացուցած է «Մակարով» տեսակի ատրճանակ՝ 2 փամփշտատուփով, լիցքաւորուած 9 մմ տրամաչափի 16 փամփուշտով:
Դէպքի փաստով ոստիկանութեան կեդրոնական բաժնէն ներս փաստաթուղթեր ձեւակերպուած են, որոնք փոխանցուած են Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու քննչական բաժին: