image

Պատերազմէն մէկ տարի անց՝ Ռուսիան գրեթէ մեկուսացած. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

 Պատերազմէն  մէկ տարի անց՝ Ռուսիան գրեթէ  մեկուսացած. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի առաջին տարին արդէն լրացաւ։ Այս կապակցութեամբ շօշափեցինք կարծիքը արժանթինահայ քաղաքագէտ եւ ակադեմական Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանի, որու հետ մեր ունեցած հեռավար զրոյցին սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Մտանք արդէն պատերազմի երկրորդ տարին։ Քաղաքական առումով ի՞նչ փուլի մէջ ենք։ Այլ խօսքով, հակամարտ կողմերու կարծր կեցուածքները աւելի քան պարզ կը դարձնեն, որ անոնք պատրաստ չեն սեղանի մը շուրջ նստելու։ Ի՞նչ են ձեր պատկերացումները։

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ի սկզբանէ շատ սխալ ռազմավարական հաշուարկով ենթադրեց, որ Ուքրայնայի դէմ յարձակումը պիտի սահմանափակուի «ռազմական յատուկ գործողութիւն» հասկացութեան ծիրին մէջ: Այսինքն, պատերազմը պիտի ըլլայ կարճ եւ պիտի աւարտի Ռուսաստանի ամբողջական յաղթանակով, իսկ յետոյ, որպէս յաղթական կողմ, Մոսկուա պիտի թելադրէր խաղաղութեան պայմանները: Վեց ամիս անց, արդէն կը խօսուէր «երկար պատերազմ»ի մը մասին: Այսօր, ռուսական ներխուժումէն տարի մը անց, պատերազմը կ՚որակուի անվերջանալի: Անշուշտ, պէտք է շատ զգոյշ մօտենալ նման յղացքներու, որոնց յստակ իմաստը դժուար է սահմանել կամ հաշուարկել: Այսպէս, ռուսական ներխուժումը մերժած եւ դիմադրել որոշած Ուքրայնա, շնորհիւ Արեւմուտքի՝ այսինքն մանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի ամէն տեսակ զօրակցութեան, ձախողեցուց Փութինի ծրագիրը, կասեցուց ռուսական յառաջխաղացքը, անցաւ հակայարձակման եւ որոշ յաջողութիւններ արձանագրեց։ Այսօր, հասկնալիօրէն, անդրդրուելի կը մնայ՝ երկրի բոլոր տարածքները, ընդհուպ մինչեւ Խրիմը, վերադարձնելու իր որոշումին մէջ։ Շատ հաւանաբար, ուքրանական դիմադրողականութեան վճռակամութեան ու անոր ամէն ձեւով օգնելու Արեւմուտքի յանձնառութեան ի տես Փութին կը յայտարարէ, որ պատերազմի աւարտը չի տեսներ, այսինքն՝ պատերազմը «անվերջանալի» է: Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել, որ Ռուսաստան ի՛նչ ոճով հիմնաւորեց իր ներխուժումը, ընդ որում հասաւ մինչեւ Ուքրայնայի գոյութեան իրաւունքի ժխտումին։ Սա շատ կը դժուարացնէ եւ թերեւս անկարելի կը դարձնէ, իր կողմէ որեւէ քայլ, որ բանակցութեանց դուռ կրնայ բանալ: Կը մնայ երրորդ կողմի միջնորդութեան ելքը: Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան նման յաւակնութիւն ունէր, բայց, կարծեմ, երկրաշարժն ու ընտրութիւնները այդ բանը հիմա կը բացառեն: Չինաստան չէ ընկալուած որպէս անկողմնակալ միջնորդ Ուքրայնայի կամ արեւմտեան դաշնակիցներուն կողմէ: Պրազիլի նախագահ Ինասիօ Լուլա Տա Սիլվա պատրաստակամութիւն յայտնած է միջնորդնելու, նոյնպէս Արժանթինի նախագահը՝ Ալպերթօ Ֆերնանտեզ, բայց ցարդ այս առաջարկները որեւէ արձագանգ չեն ունեցած:

 

-Մենք նկատեցինք, որ Ռուսաստան այս պատերազմի առաջին օրէն իր գրաւը դրած էր համաշխարհային նոր բեւեռ մը ստեղծելու վրայ. բան մը, որ մեծ հաշուով չյաջողեցաւ, բայց եւ այնպէս, կան բազմադրոյթ շարժումներ Ռուսաստանի կարգ մը չակերտեալ դաշնակիցներուն կողմէ, որոնք «կ՚աւետեն», թէ հեռու չեն նոր աշխարհակարգ մը ունենալու առնուազն միտումները։ Համաձա՞յն էք։

Ռուսաստան ո՛չ միայն չյաջողեցաւ համաշխարհային նոր բեւեռ մը ստեղծել, այլեւ, մեծ չափով, ինքզինք մեկուսացուց միջազգային բեմահարթակին վրայ: Ի մտի ունիմ՝ յատկապէս ՄԱԿ-ի իրերայաջորդ բանաձեւերը, որոնք ներխուժումը կը դատապարտեն։ Հազուագիւտ են Ռուսաստանի ի նպաստ քուէարկողները եւ մեծամասնութիւն կազմած դատապարտողներու շարքին են նաեւ ոչ-արեւմտեան այն երկիրները, որոնք մասնակից չեն եւ մինչեւ իսկ համաձայն չեն՝ Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներուն եւ չեն ուզեր զէնք ուղարկել Ուքրայնա: Ռուսաստանի այս մեկուսացումը անխուսափելիօրէն պիտի ունենայ իր հետեւանքը անոր տնտեսութեան արդիականացման գործընթացին վրայ, նոյնիսկ պատերազմէն յետոյ: Համաշխարհային նոր հասարակարգի մը մասին ամէն բանաձեւում այս պահուս շատ աւելի վարկածային կամ երեւակայական է: Յստակ է գործընթաց մը, որ պատերազմէն շատ առաջ սկսած էր։ Համաշխարհային զարգացման մրցակցութեան եւ ուժերու հաւասարակշռութեան կշիռը Ատլանտեանէն տեղափոխուած է Խաղաղական եւ Հնդկական ովկիանոսներ, Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանն են այն հիմնական բեւեռները, որոնց շուրջ արդէն ընթացք առած է նոր ռազմավարական դաշինքներու ձեւաւորումը: Բեւեռ հասկացութիւնը պէտք է չակերտել, որովհետեւ Հնդկաստանի նման արդէն տարածաշրջանային հզօրութեան մը ուրոյն դերակատարութիւնը կարելի չէ անտեսել: Միւս կողմէ, Ուքրայնայի դէմ Ռուսաստանի պատերազմը շատ հաւանաբար արագացնէ Եւրոպական Միութեան աշխարհաքաղաքական շրջադարձը: Բայց, ԵՄ-ի բեւեռումը, եթէ կարելի է ըսել, պիտի չենթադրէ իր գլխաւոր դաշնակցին՝ ԱՄՆ-ի հետ խզում: Ընդհակառա՛կն, ռուսական սպառնալիքը վերաշխուժացուցած է ՆԱԹՕ-ն, որ Ֆինլանիտայի եւ Շուէտի նման՝ իրենց չէզոքութենէն վստահ երկիրներու համար վերածուած է անվտանգութեան երաշխիքի: Եւրոպական համարկումի պատմութիւնը կը յուշէ, որ ամէն առաւել կամ նուազ գոյութենական ճգնաժամէ յետոյ, գործընթացը նոր յառաջընթաց արձանագրած է: Այդ մէկը արդէն տեսանելի է, օրինակ, ռուսական քարիւղէն եւ բնական կազէն իր կախուածութիւնը շատ կարեւոր չափերով նուազեցման ԵՄ-ի յաջող քայլերուն ընդմէջէն եւ պիտի շարունակուի: Մինչեւ երկրաշարժը, վստահաբար, Թուրքիան մեծ կարողականութիւն ունէր հաստատագրուելու՝ որպէս Արեւելեան Միջերկրականին վրայ տիրապետող բեւեռ, բայց այդ մէկը այսօր շատ հարցական է: Այս աշխարհաքաղաքական համայնապատկերը, ուր բեւեռացման գործընթացները աւելի հարցականներ կը ստեղծեն՝ քան կը բանաձեւուին որպէս վարկած, առայժմ թոյլ կու տայ միայն տեսնելու Հնդա-Խաղաղական տարածաշրջանը՝ որպէս ուժերու հաւասարակշռութեան գործընթացի գլխաւոր բեմահարթակ: Աշխարհակարգ մը այն յստակ պատկերացումով, որ 19-րդ դարու բազմաբեւեռ Եւրոպան էր, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ ԱՄՆ-Խորհրդային Միութիւն երկբեւեռացումը, կամ Պաղ պատերազմէն վերջ ԱՄՆ-ի առաջնայնութիւնը միաբեւեռ աշխարհի մը մէջ, այլեւս չկայ:

 

-Մինչեւ այս պահը ռազմական գործողութիւնները եկան ցոյց տալու, որ կողմերէն որեւէ մէկը չունի բեկումնային վիճակ մը ստեղծելու ներուժը։ Այսպէս, Ուքրայնա կը շարունակէ զինուիլ, իսկ Ռուսաստան անդրդուելիօրէն ճակատ կը հասցնէ մեծ թիւով զօրք։ Ընդհանուր պատկերը ոչ ոքի ի նպաստ է եւ արիւնալի պատերազմը կը մաշեցնէ։ Ի վերջոյ, ինչպէ՞ս կրնայ հանգուցալուծուիլ այս տագնապը։

Ինչպէս առաջին հարցումին մէջ արդէն նշեցի, տակաւին ելքի մասին մտածելու համար շատ կանուխ է, պատերազմը պիտի շարունակուի: Մայքըլ Իկնաթիէֆ, Գանատայի «Տհը Կլոպ էնտ Մէյլ»ի՝ պատերազմի առաջին տարուան նուիրուած համարին մէջ իր յօդուածով շատ դիպուկ դիտարկում մը կ՚ընէ։ Ան կ՚ըսէ. «Ռուսերը պատերազմը պիտի կասեցնեն, երբ իրենց նպատակին հասնին կամ ռազմադաշտը իրենց յուշէ, որ այդ մէկը չեն կրնար իրականացնել։ Ուքրանացիները պատերազմը պիտի վերջացնեն, երբ ներխուժողները վտարեն իրենց երկրէն կամ ռազմադաշտը իրենց յուշէ, որ այդ մէկը չեն կրնար իրականացնել»։ Կը մնայ, որ ամենամեծ ռիսքը Ռուսաստանի կողմէ կորիզային զէնքի դիմելու սպառնալիքն է, որմէ յետոյ արդէն ելքի մասին խօսիլը այնքան ալ իմաստ չ՚ունենար։

 

-Մեծ թիւով վերլուծաբաններ համոզուած են, թէ այս պատերազմը ձեւով մը փորձն է ապագայ Չինաստան-ԱՄՆ մեծ պայքարին։ Ինչքանո՞վ ճիշդ է այս վարկածը։

Յստակ է, որ Ուաշինկթըն եւ Փեքին շատ մօտէն կը հետևին պատերազմին: Չին-ամերիկեան մրցակցութիւնը Հնդկա-խաղաղական ովկիանոսի տարածաշրջանին մէջ արդէն իրողութիւն է: Թէ որքանո՞վ այդ մէկը մեծ պայքարի մը պիտի վերածուի՝ համահունչ, երեւի, ԱՄՆ-Խորհրդային Միութիւն պաղ պատերազմի հակամարտութեան՝ տակաւին կը տեսնենք: Երկու երկիրները իրարու հետ տնտեսական այնպիսի փոխադարձ կախուածութեան մէջ են, որ չկար Պաղ պատերազմի երկու գեր ուժերուն միջեւ: Ռազմական եւ սպառազինման ոլորտին մէջ պարզ է, որ ԱՄՆ գերակայ է, բայց Չինաստանի վերելքը շատ արագ է: Պիտի հասնի՞ն ռազմավարական այն հաւասարակշռութեան, որուն հասան ԱՄՆ-ը եւ Խորհրդային Միութիւնը 1970-ականներուն կորիզային զէնքի գործածութեամբ փոխադարձ ոչնչացման վստահութեան իմաստով եւ ընթացք տուին այսօր արդէն կասեցուած ապազինման բանակցութիւններու հետեւողական գործընթացներուն: Դեռ եւս հարցական է: Բայց շատ հաւանաբար ուժերու հաւասարակշռութիւնը այսօր ի դէմս բարձր արհեստագիտութեան ընկալուի շատ աւելի բարդ՝ քան ինչ որ էր կորիզային փոխադարձ ոչնչացման տեսութիւնը։ Օրինակ, «թիք-թոք»ի նման ծրագիրներու արգիլումը ռազմավարական նշանակութիւն կ՚ունենայ ուժային մրցակցութեան մեծ պայքարի իմաստով: Կարծեմ, Չինաստանն ալ դասեր քաղեց՝ Ուքրայնային զօրակցելու Արեւմուտքի միասնականութենէն: Փաստօրէն, Եւրոպայի ղեկավարներէն միայն Հունգարիոյ Օրպանն է, որ երբեմն հանդէս կու գայ ի նպաստ Ռուսաստանին: Այլապէս, Արեւմուտքը՝ այսինքն ԱՄՆ-ն ու Եւրոպան միասնական է ամէն իմաստով՝ ներառեալ, ըստ Եւրոպարոմեթրի վերջին հարցախոյզին, եւրոպական հանրային կարծիքի, ոչ մէկ նշան կայ այդ միասնականութեան խախտման համար:

 

-Մեզի համար նաեւ երեւելի էր, որ այս աղէտալի պատերազմով պայմանաւորուած Հարաւային Կովկասի մէջ կարգ մը քնացած թղթածրարներ արթնցան ու Հայաստան եւ հայ ժողովուրդը յայտնուեցան կոտրած տաշտակը յիշեցնող վիճակի մը առջեւ։ Մտահո՞գ էք, որ կարգ մը պայմաններու բերումով Ռուսաստան պիտի փորձէ հեռու մնալ կտրուկ քայլերէ ու այլ խօսքով՝ պիտի փորձէ ժամանակ շահիլ եւ պարզապէս գլուխ պահել։

44-օրեայ պատերազմը, կարծեմ, արդէն յստակացուց, թէ Ռուսաստան Կովկասի մէջ իր ներկայութիւնը կ՚ընկալէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու նոր տինամիզմով մը, որ կարելի է յատկանշել՝ որպէս մրցակցութիւն-համագործակցութիւն, ինչ որ յաջող կերպով փորձարկուեցաւ 2015-16 թուականներուն Սուրիոյ մէջ: Հակամարտութիւնը եւ ռազմական բախումը բացառած ռուս-թրքական մերձեցման այս նոր խաղաձեւին անդրադարձը Կովկասի մէջ տեսանելի դառնալու սկսաւ տակաւին 2016-ի քառօրեայ պատերազմին եւ, ըստ երեւոյթին, այդ ժամանակներուն սեղանի վրայ դրուած, այսպէս կոչուած, Լաւրովեան ծրագրի ընդմէջէն, որով կ՚առաջարկուէր Արցախի հիմնախնդրի լուծումի տարբերակ մը, որ մեծաւ մասամբ Ատրպէյճանին ի նպաստ էր: Ռուսաստան Կովկասէն հեռանալու տրամադրութիւն չէ ունեցած եւ չունի, սակայն, այդ ներկայութիւնը անպայմանօրէն չի ծրագրեր իր միակ դաշնակից Հայաստանի շահերը արժեւորելով կամ Հայաստանը՝ որպէս ռազմավարական գործընկեր եւ գործօն գնահատելով։ Որովհետեւ, ըստ էութեան, Երեւանի քաղաքական վերնախաւը թերեւս չկարողացաւ հասկնալ Մոսկուայի քաղաքականութեան փոփոխութիւնը Կովկասի պարագային՝ յատկապէս 2018-ի ապրիլէն յետոյ:

44-օրեայ պատերազմէն եւ եռակողմանի համաձայնութենէն յետոյ, Կովկասի մէջ ռուսական նոր ներկայութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունին թէ՛ Արցախի մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը թէկուզ եւ որպէս խաղաղապահ եւ թէ մանաւանդ՝ Սիւնիքի միջանցքն ու անոր վերահսկողութեան հարցը: Արցախի մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը պահելու համար Մոսկուա կարծես թէ պատրաստ է ընդառաջելու Ատրպէյճանի պահանջներէն գոնէ գլխաւորին՝ բացառել Արցախի անկախ կարգավիճակը, նամանաւանդ երբ Երեւանի իշխանութիւնները արդէն բացայայտօրէն ձեռքերնին լուացած են. այնքան, որ նոյնիսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի վերաշխուժացման լուրջ նախաձեռնութեան մը կը դիմեն՝ մինչ Մոսկուա արդէն այդ ձեւաչափի աւարտը կը յայտարարէ: Ինչ կը վերաբերի Սիւնիքի միջանցքին, թէեւ ի սկզբանէ ան Թուրքիա-Ատրպէյճան ծրագիր էր համաթրքական աշխարհընկալման ոլորտի մէջ, բայց, 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ կարծես թէ Ռուսաստանն ալ անդրադարձած է անոր ռազմավարական կարեւորութեան՝ որպէս տարածաշրջանային կապ: Պէտք է ենթադրել, որ Սիւնիքի միջանցքն ու անոր վերահսկողութիւնը Թուրքիա-Ռուսաստան մրցակցութեան առարկայ է եւ ո՛չ համագործակցութեան՝ ինչպէս որ է Աղտամի զինուորական դէտերու կեդրոնը: Հետեւաբար, թէեւ Ուքրայնայի պատերազմը պիտի ունենայ իր անխուսափելի անդրադարձը նաեւ Կովկասի գծով ռուսական քաղաքականութեան վրայ, սակայն, կը կարծեմ, թէ շատ աւելի կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել թրքական գործօնին երկրաշարժէն յետոյ: Ժամանակ շահելէ աւելի՝ Ռուսաստան հաւանաբար առիթը պատեհ համարէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնութիւնը իր մենաշնորհային միջնորդութեամբ իրականութիւն դարձնելու եւ այդ ճամբով ալ Սիւնիքի միջանցքին վրայ իր վերահսկողութիւնը ապահովելու: Սիւնիքի միջանցքի որեւէ արտաքին ուժի վերահսկողութեան տակ մնալը պիտի նշանակէ Հայաստանի՝ որպէս պետութիւն անհետացումը: 2021-ին շատ խօսուեցաւ դար մը առաջ ստորագրուած Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերուն մասին: Այսօր Սիւնիքի միջանցքին մասին պէտք է մտածել այնպէս՝ ինչպէս Գարեգին Նժդեհ մտածեց Զանգեզուրի համար: Բայց, սա արդէն այլ նիւթ մըն է եւ անմիջական կապ չունի Ուքրայնայի դէմ Ռուսաստանի պատերազմի առաջին տարուան թելադրած խորհրդածութիւններուն հետ։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս