Ինչպէս ամէն տարի, եւ մասնաւորապէս Ապրիլ 24-ի նախօրէին տարբեր վայրերու մէջ, այս տարի եւս հայատեացութեան բուռն դրսեւորումներ կը նկատուին։
Վերջին օրինակը գրանցուած է Վենեզուելի մայրաքաղաք Գարագասի մէջ գտնուող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին մէջ, երբ անծանօթ մարդիկ ապրիլէն օրեր առաջ աղբերով լեցուցած են յուշակոթողը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Վենեզուելի հայ գաղութ»ը դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս նշուած է՝
«Տարածէք թող բոլորը տեսնեն թուրքին չար արարքը։
Երեք օր առաջ մաքուր էր ամէն կողմ, բայց այսօր 23 Ապրիլին Թուրքերը կատարեցին այս արարքը, որպէսզի մենք չկարենանք վաղը ներկայանալ եղեռնի յուշարձանին քով, բայց մենք պիտի ըլլանք եւ պիտի պայքարինք չարին դէմ։ Մեր ազգը բարձր է ու բարձր պիտի մնայ Աստուծոյ շնորհիւ։ Բոլոր Հայերը թող մասնակցին վաղուան ժամը 10:00 ձեռնարկին»։