Հոլանայի, Չերնոկորիոյ, Ճափոնի եւ Հարաւային Քորէայի կառավարութիւնները իրենց քաղաքացիներուն կը յորդորեն չմեկնիլ Ուքրանիա, իսկ այդ երկրին մէջ արդէն գտնուողներուն կոչ կ'ընեն անյապաղ լքելու Ուքրանիոյ տարածքը:
Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը հայրենակիցներուն խորհուրդ տուած է չմեկնիլ Ուքրանիա, իսկ այդ երկիրներուն մէջ գտնուող ամերիկացիներուն կոչ ըրած է «Հիմա հեռանալու»: «Իրավիճակը կրնայ շատ արագ դուրս գալ վերահսկողութենէն», ըսած է Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը:
Իսրայէլը ոչ միայն իր քաղաքացիներուն կոչ կ'ընէ չմեկնելու Ուքրանիա, կամ հեռանալու Ուքրանիայէն, այլեւ արդէն սկսած է այդ երկրի դեսպանատան աշխատակիցներու եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն տարհանումը: