«Հայրենիքի փրկութեան շարժում» նախաձեռնութեան վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանին մեղադրանք առաջադրուած է՝ Իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր ընելու յօդուածով: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Ռիմա Եգանեանը:
«ՀՀ քննչական կոմիտէի ՀԿԳ քննութեան գլխաւոր վարչութիւնում 12.02.2021թ. եւ 20.02.2021թ. Ազատութեան հրապարակում անցկացուած հանրահաւաքների ժամանակ Վազգէն Մանուկեանի կողմից, իշխանութիւնը զաւթելու, սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու, բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր կատարելու առերեւոյթ դէպքերի առթիւ քննուող քրէական գործով որոշում է կայացուել Վազգէն Մանուկեանին ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածով (Իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչերը) որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու մասին»,- ըսած է Եգանեանը:
Վազգէն Մանուկեանը ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքով սահմանուած կարգով ծանուցուած է 04.03.2021թ.՝ ժամը 11:00-ին, որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու մասին որոշման ծանօթացման եւ մեղադրանքի շուրջ հարցաքննութեան համար վարոյթն իրականացնող մարմին ներկայանալու անհրաժեշտութեան մասին:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ