image

Վարչապետ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Զաւէն Խանճեանի մահուան կապակցութեամբ

Վարչապետ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է   Զաւէն Խանճեանի  մահուան կապակցութեամբ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի մահուան կապակցութեամբ: Այս մասին «Արեւելք»  կը տեղեկանայ վարչապետի աշխատակազմէն։

Հեռագիրին մէջ ըսուած է՝

«Խոր ցաւով տեղեկացայ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի մահուան մասին։  Հայ ժողովուրդը կորցրեց իր արժանի զաւակներից մէկին, ով իր կեանքը նուիրեց հայկական կրթութեան ու մշակոյթի պահպանմանը, ակտիւ գործունէութիւն ծաւալեց ամերիկահայ համայնքային կեանքում:  

Վերջին տասը տարիների ընթացքում, ստանձնելով Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնի պաշտօնը, Զաւէն Խանճեանը շարունակեց իր բեղուն գործունէութիւնը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ, իր ներդրումն ունեցաւ նաեւ Հայաստանում իրականացուող բազմաթիւ սոցիալական, կրթական ու մշակութային ծրագրերում։ 

Այս դժուարին պահին իմ զօրակցութիւնն եմ յայտնում պարոն Խանճեանի ընտանիքին, հարազատներին, գործընկերներին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան բոլոր անդամներին»։