6 Յունուարին ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է ՀՀ Արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական ծառայութեան «Վանաձոր» քրէակատարողական հիմնարկին մէջ։ Այս մասին յայտնած է SHAMSHYAN.com-ը:
Այդ օրը` ժամը 13։50-ի սահմաններուն, «Վանաձոր» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան Վանաձոր քաղաքի Տարօնի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ շտապօգնութեան մեքենան Վանաձոր քրէակատարողական հիմնարկէն հիւանդանոց տեղափոխած է դատապարտեալ, որ ճանապարհին մահացած է։
Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը դատապարտեալ 34-ամեայ Գարիկ Դ.-ն է, որ ժամը 13։30-ի սահմաններուն բանտէն հիւանդանոց տեղափոխուելու ճանապարհին շտապօգնութեան մեքենայի մէջ մահացած է։
Դէպքի փաստով քննչական բաժնէն ներս սպանութիւն յատկանիշներով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։
Քննիչի որոշմամբ նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։
Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով Գարիկ Դ.-ն դատապարտուած եղած է ՀՀ Քրէական օրէնքի 177 յօդուածով 2020 թուականի նոյեմբերին` 3 տարի 6 ամիս ժամկէտով եւ Վանաձորի բանտ ընդունուած է 2020թ դեկտեմբերին։