image

Համընդհանուր մերժողականութիւնն առողջ երեւոյթ չէ. Գերշ. Տ. Գէորգ եպս. Սարոյեան (Տեսանիւթ)

Համընդհանուր մերժողականութիւնն առողջ երեւոյթ չէ. Գերշ.  Տ. Գէորգ եպս. Սարոյեան (Տեսանիւթ)

Օրերս «Առաւօտ»ին հիւրը եղած է Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ Գէորգ Եպս. Սարոյեան: 

Սրբազան հօր խօսքին  բովանդակութիւնը կարեւորելով «Արեւելք» ստորեւ կը ներկայացնէ խօսքին հիմնական   առանցքը։

Սրբազան  Հայրը (որ  Թեմակալ  Առաջնորդն է Մասեացոտնի թեմին) անդրադարձած է այս օրերուն յաճախ հնչող հարցին, թէ արդեօք հոգեւորականը պէ՞տք է զբաղի քաղաքականութեամբ: Եպիսկոպոսն առաջարկած է նախ տարանջատել քաղաքականութեան տարբեր ընկալումները: Ըստ եպիսկոպոսին՝ հոգեւորականը չի կրնար հանդէս գալ հրապարակային ելոյթներով, որոնք պառակտում կը մտցնեն հասարակութեան մէջ: Հոգեւորականը չի քններ մարդոց քաղաքական հայեացքները, որոնք կրնան տարբեր ըլլալ: Միւս կողմէ՝ պէտք է յիշել, որ Յիսուս Քրիստոս, թէեւ որեւէ պաշտօնական իշխանութիւն չունէր, չէր պատկաներ իր ժամանակի հոգեւոր դասին եւ որեւէ քաղաքական հոսանքի, այնուամենայնիւ, իր ըսածները ունէին քաղաքական հնչերանգ, օրինակ, երբ ան կը դատապարտէր հարուստները կամ թագաւոր Հերովդէսը կ'անուանէր աղուէս: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականները նոյնպէս դարերու ընթացքին տեւական անդրադարձած են ժողովուրդին յուզող խնդիրներուն: Բայց հոգեւորականներու խօսքը, ըստ սրբազանին, պէտք է ըլլայ յստակ եւ հաւասարակշռուած, որպէսզի կիրքեր չբորբոքէ: 

Գէորգ սրբազանի խօսքով՝ բոլոր անոնք, որոնք մոլորած են եւ յայտնուած աղանդաւորական կազմակերպութիւններու «ճիրաններ»ուն մէջ, միեւնոյն է, մեր ազգի զաւակներն են, եւ հոգեւորականներուն պարտականութիւնն է՝ օգնել անոնց, որ վերադառնան ճիշդ ճանապարհին: 

Համընդհանուր մերժողականութիւնը, որ այժմ տարածուած է ամբողջ աշխարհով, նաեւ՝ Հայաստանի մէջ, հոգեւորականը առողջ երեւոյթ չի համարեր: Ըստ անոր՝ սկիզբէն պէտք է հասկնալ, խորանալ երեւոյթին մէջ, եւ յետոյ միայն փորձել գնահատական տալ, բայց հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ ազգային ինքնութեան, մեր ժառանգութեան պահպանումն ու զարգացումը: