image

Ուքրանիան միշտ կառուցողական է. Զելենսքի

Ուքրանիան միշտ կառուցողական է. Զելենսքի

 

19 նոյեմբերին, տեղի պիտի ունենայ «Կամաւորներու դաշինք»ի կարեւոր հանդիպում, յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։

 

«Մեր գործընկերներու հետ միասին ամէն ինչ կ՚ընենք՝ մեր դաշինքի արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու համար։ Ուքրանիոյ համար կը պատրաստենք աջակցութեան նոր փաթեթներ, որոնք գլխաւորաբար պիտի ուղղուին մեր պաշտպանական եւ ուժանիւթային ենթակառոյցներու ամրապնդման։

Տեղի պիտի ունենան նաեւ երկկողմ հանդիպումներ, որոնք պէտք է յաւելեալ արդիւնքներ ապահովեն Ուքրանիոյ եւ մեր դիւանագիտութեան համար։

Անհամբեր կը սպասենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման։ Եւրոպացի առաջնորդներուն հետ պիտի քննարկենք նաեւ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ մեր յաջորդ քայլերը։

Ուքրանիա յստակօրէն արտայայտած է խաղաղութեան իր փափաքը եւ միշտ գործած է կառուցողական մօտեցումով։ Ամերիկացի ներկայացուցիչները նշած են, որ Պերլինի մէջ մեր հանդիպումներուն ընթացքին պիտի տրամադրեն անհրաժեշտ տեղեկութիւններ՝ ԱՄՆ-ի նախագահին ընթացիկ բանակցութիւններուն, ներառեալ՝ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մասին։

Տեղեկութիւններ պիտի ստանանք նաեւ Չինաստանէն, այլ երկիրներէ եւ մեր գործընկեր պետութիւններու ղեկավարներէն։

Եւրոպացի մեր գործընկերներուն հետ ունինք միասնական եւ յստակ դիրքորոշում. Ուքրանիոյ վերաբերող հարցերը պէտք է լուծուին Ուքրանիոյ մասնակցութեամբ, իսկ Եւրոպայի հարցերը՝ Եւրոպայի մասնակցութեամբ։ Միայն այս մօտեցումն է ճիշդ», նշած է ան։