image

Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդը այցելեց Իրաքի դեսպանութեան հաւատարմատարին

Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդը այցելեց Իրաքի դեսպանութեան հաւատարմատարին

Սուրիոյ ընդհանուր կացութեան եւ հայ համայնքին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ մտքերու փոխանակում տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդին եւ Իրաքի դեսպանութեան հաւատարմատարին միջեւ՝ վերջինիս հետ կայացած քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին։

Ստորեւ՝ այդ մասին  հրապարակուած  հաղորդագրութիւնը․ 

Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2026-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Սուրիոյ մէջ Իրաքի դեսպանութեան հաւատարմատար Տիար Ժապիր Շալալ Ալ Տլիմիին։

Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրն ու հաւատարմատարը քննարկեցին Սուրիոյ կացութեան եւ հայ գաղութին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն առնչուող հարցեր։

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ իր կարգին հրաւիրեց Տիար Ալ Տլիմին՝ այցելելու Ազգային Առաջնորդարան։ Հաւատարմատարը սիրով ընդունեց հրաւէրը եւ յայտնեց, թէ մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Ազգային Առաջնորդարան։