Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ Տանըլտ Թրամփի եւ Վլատիմիր Փութինի հետ եռակողմ հանդիպման ժամանակ դէմ արտայայտուած է միջուկային պատերազմին։
«Միջուկային պատերազմը կարելի չէ յաղթել, եւ զայն պէտք չէ սանձազերծել։ Անհրաժեշտ է գործադրել բոլոր ջանքերը՝ միջուկային պատերազմը կանխելու համար», յայտարարած է Շի Ճինփինկ։
Չինաստանի նախագահը միջուկային զէնքը բնութագրած է որպէս մարդկութեան գլխուն կախուած Տամոկլեան սուր՝ ընդգծելով, որ զայն պէտք է ամբողջութեամբ արգիլել եւ ոչնչացնել։
Շի Ճինփինկ նաեւ նշած է, որ փոխադարձ յարգանքը մեծ տէրութիւններու յարաբերութիւններուն հիմնարար սկզբունքն է։
Յիշեցնենք, որ Չինաստանի Շենժէն քաղաքին մէջ տեղի կ՚ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի եռակողմ հանդիպումը։