image

Բրիտանիան աւելի քան 1000 հեռահար հարուածային ԱԹՍ պիտի տրամադրէ Ուքրանիոյ

Բրիտանիան աւելի քան 1000 հեռահար հարուածային ԱԹՍ պիտի տրամադրէ Ուքրանիոյ

Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը Ուքրանիոյ պիտի տրամադրէ մեծ հեռահարութեամբ աւելի քան 1000 անօդաչու թռչող սարք (ԱԹՍ)՝ Ռուսիոյ յարձակումներուն դէմ պաշտպանութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով։ Այս մասին նշուած է Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ Էնտի Պըրնհըմի գրասենեակին յայտարարութեան մէջ։

Յայտարարութիւնը հրապարակուած է Նոյեմբեր 19-ին, Պերլինի մէջ Ուքրանիոյ հարցով «Կամեցողներու դաշինք»ի հանդիպումէն առաջ։

Նշուած է, որ Ուքրանիոյ համար նախատեսուած ԱԹՍ-ները կրնան ծանր մարտագլխիկներ կրել եւ աւելի քան 1000 քիլոմեթր հեռաւորութիւն կտրել։ Անոնք պիտի ներառուին 260 միլիոն սթերլին (341 միլիոն տոլար) արժողութեամբ օժանդակութեան փաթեթին մէջ։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ փաթեթին մէջ ներառուած հարուածային անօդաչու սարքերը Քիեւին հնարաւորութիւն պիտի տան «հարուածելու ռազմական արտադրական կառոյցներուն եւ այլ օրինական ռազմական թիրախներուն՝ ռազմաճակատի գիծէն բաւական հեռու»։

Բացի այդ, յայտարարութեան համաձայն, Մեծն Բրիտանիան պիտի կազմակերպէ ծովային, մատակարարական եւ հետախուզական նպատակներու ծառայող անօդաչու սարքերու արտադրութիւնն ու մատակարարումը Ուքրանիոյ։

Պըրնհըմի գրասենեակը նաեւ տեղեկացուցած է, որ Լոնտոն արդէն սկսած է Ուքրանիոյ մատակարարել LMM բազմագործառոյթ հրթիռներ։

 

2025 թուականի Մարտին Բրիտանիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութիւնն ու Ուքրանիան կնքած են 1,6 միլիառ սթերլինի արժողութեամբ համաձայնագիր, որուն ծիրէն ներս կը նախատեսուի Քիեւ ուղարկել աւելի քան 5000 LMM հրթիռ։