Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեան այցելած է Պելկորոտի մէջ հրետակոծութենէն աւերուած բնակելի շէնքի վայրը:
«Սա միայն տուժած տասնեակ մարդկանց վշտի վայր չէ, սա հոգեբանական ազդեցութիւն ունի ամբողջ քաղաքի վրայ: Այստեղ մէկ զգացողութիւն ես ապրում՝ կարեկցանք, այս վշտի ամբողջ մասշտաբի ըմբռնում եւ, բնականաբար, ցանկութիւն, որ այն արագ աւարտի»,-ըսած է ՀՀ դեսպանը։
Մայիս 12-ին Պելկորոտը եւ շրջակայքը ենթարկուած են զանգուածային հրթիռակոծութեան Ուքրանիայէն։ Խոցուած «Տոչքա-Ու» հրթիռի բեկորները վնասած են Պելկորոտի տասը յարկանի բնակելի շէնքը, մուտքն ամբողջութեամբ փլուզուած է։ 17 մարդ զոհուած է: