Անցեալ դարէն մեզի ժառանգուած բոլոր խնդիրները կը շարունակեն մնալ անլոյծ: Արեւմտահայոց հողային պահանջները, հատուցումի հարցը, եւ մօտիկ անցեալին հնչած կոչերը…
Ի՞նչ ըրինք անցնող հարիւր տարին: Նահանջեցինք, որպէս էթնիք տեսակ, լեզուի եւ մշակոյթի կրողներ, նահանջեցինք, որպէս երէկուան իրաւատէրեր, որոնց բնօրրանը խլուած է ու դատը՝ դատապարտուած կապկումներու:
Այս բոլորին դիմաց նոր համակարգերու վերելք եւ միաժամանակ մեծ անկումներ սպասելի են: Համաշխարհային ճգնաժամ: Պատերազմներ...
Նորէն արեան հոտ կու գայ Սթանպուլէն, Սթանպուլը արեան ծով եղաւ, այն ատեն մեր արիւնն էր, իսկ հիմա արդէն մենք հոն չենք, ոչ մենք, ոչ մեր արիւնը եւ ոչ ալ մեր հաշիւները: Այլ արիւններ, բանտային այլ ճռինչներ կը լսուին:
Ծովից ծովը, Ուիլսընեանը, Սեւրն ու մնացած լոզունքները բանաստեղծական տողերու կը նմանին, այսօր հոս վաղը Վանի մէջ յանկերգի համանման:
Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան իրականութենէն եւ անոր իրար յաջորդող ընտրական ու ղարաբաղեան կծկումներէն զատ ի՞նչ կայ իրական մեր ազգային ճաշատեսակներուն միջեւ: Ոչինչ:
Բարեբախտաբար այս բոլորին առընթեր առանձին չենք: Ու այդ հաւաքական կամք մը ձեւաւորելու ընթացքն ալ մեզմէ կը պահանջէ անդուլ եւ լուրջ աշխատանք: Պիտի աշխատինք կամ պիտի շարունակենք Պոսթընի, Ֆիլատէլֆիոյ եւ Մոնթրէալի մէջ նստած արեւմտահայոց դատ հոլովել, յանձնելով մեր ես-ը մեծ աշխարհի հին ու նոր հալոցներուն:
Կ՛ըսուի թէ պատեհ առիթն է տասնեակ միլիոնաւոր միաւորված Փոքր Ասիացիներուն, ճակատագրով միախառնուածներուն միացնել Հրանդ Տինքի խորհուրդի շուրջ: Երա՞զ: Ութոփիա՞: Իսկ ոմանք կ՛ըսեն թէ ծրագիր է: Կ՛ըսեն թէ հայ-քրտական հաշտութիւնը հաւանական է: Կ՛ըսեն թէ հայեր կան դեռ Արաքսէն այն կողմ, որոնք կը սպասեն ազատութեան ու ժողովրդավարութեան կանչին, որ հանեն իրենցհարիւրամեայ դիմակները:
«Արեւելք»ը միացաւ «Իրաւունքով Միացած ժողովուրդներ»ու ծրագրին: Հեղձուցիչ անշարժութեան մէջ թերեւս փչէ փոփոխութեան զեփիւռ մը: Սպասենք, համատեղուինք, հաւատա՞նք: