Այսօր «անհասկնալի» կերպով Տոլարի սակագինը մեծ ոստում մը կատարած է Լիբանանի մէջ։
Վերջին տուեալներուն համաձայն յետմիջօրէի ժամերուն տոլարի սակագինը հասած է մինչեւ 34.500 լիբանանեան ոսկիի։
Գրեցինք անհասկնալի, մինչ այդ վերջին օրերուն երկրի քաղաքական շրջանակներուն մէջ եղած շփումներուն անբարեյաջող «աւարտ»ը կրնայ աւելիով պատկերը յստակութեան մը տանիլ։
Քաղաքական անորոշութիւն, կառավարութեան կազմութեան դժուարութիւն ու նաեւ նախագահի ընտրութեան օրակարգի մօտեցումը հաւանական պատճառներն են նոր անկումին, որ կ՚ապրի լիբանանեան լիրան սպառնալով «ստեղծել» աւելի բարդ եւ մտահոգիչ օրեր ՝ տառապեալ Պէյրութին։
«Արեւելք»ի ընթերցողներուն տեղին կը համարենք յիշեցնել, որ նախքան Լիբանանի մէջ ծայր առած վերջին տնտեսական տագնապը (2019-ի թուականին հոկտեմբերին աւելիով երեւելի դարձած) մէկ ամերիկեան տոլարը կը վաճառուէր 1515 լիբանանեան թղթոսկիի։