image

Ծնողներ Մինչեւ Մահ Ծեծած Են Իրենց 19-ամեայ Որդին

Ծնողներ   Մինչեւ Մահ Ծեծած Են  Իրենց  19-ամեայ Որդին

Միացեալ Նահանգներ-(«Ալ Հայեաթ»- Լոնտոն) Ըստ «Ալ Հայեաթ»ին  Նիւ Եորք նահանգի  ոստիկանութիւնը  յայտնած է, թէ   ծնողներ   մինչեւ մահ ծեծած  են իրենց  19 տարեկան   զաւակը:  Աղբիւրը նաեւ կը  հաղորդէ, թէ     սպանեալին դէմ նախապէս չծրագրուած սպանութեան ամբաստանութիւն ուղղուած է, երբ անոնք ժամեր ծեծած են զայն ընտանեկան, խրատական նիստի մը ընթացքին, հեռաւոր շրջան  մը գտնուող եկեղեցւոյ մէջ:Ամոլը Պրոս եւ Դիպորա Լիոնարտ (65 եւ 59  տարեկան), որոնց սպանութեան ամբաստանութիւնը յղուեցաւ Երեքշաբթի օր, հերքած են   իրենց  սխալ գործած ըլլալը: Անոնք  կալանքի տակ պիտի մնան մինչեւ իւրաքանչիւրը վճարէ 100 հազար տոլար:Եկեղեցւոյ չորս անդամներ, Կիրակի օր ամբաստանեցին, թէ Շատուիքսի, Նիւ Եորքէն 80 քլմ. հեռու, Սիրաքիւզ քաղաքին հարաւը գտնուող «Վուտ աֆ լայֆ» եկեղեցւոյ մէջ զոհին փոքր եղբայրը յարձակումի ենթարկուեցաւ: Նիու Հարվըրտի ոստիկանապետ Մայքըլ Անսերա ըսաւ, թէ «եղբայրները ժամեր ծեծի ենթարկուեցան, որպէսզի խոստովանին մեղքերը եւ թողութիւն խնդրեն»:Ոստիկանութիւնը ըսաւ, որ մեծ եղբայրը Լուքաս Լիոնարտ մահացաւ հիւանդանոց փոխադրուելէ ետք, ընտանիքի անդամներէն տեղեկութիւն փոխանցուեցաւ, թէ ան փամփուշտով վիրաւորուած էր: Նիու Հարվըրտի եւ Նիւ Եորք նահանգի ոստիկանութիւնը հետազօտութիւններ կը կատարէ այս ուղղութեամբ: Եկեղեցւոյ անդամներուն հետ տեղի ունեցած տեսակցութիւններէն, ոստիկանութիւնը իմացած է, թէ 17-ամեայ Քրիստոֆըրը, ննջեցեալին փոքր եղբայրը, խրատական նիստի ընթացքին սաստիկ ծեծի ենթարկուած է, այս նիստերը ընդհանրապէս տեղի կ'ունենան աղօթքի արարողութենէն ետք, գլխաւորութեամբ եկեղեցականի կամ այլ եկեղեցւոյ անդամի:Ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ հաւանական է ըլլան այլ ամբաստանութիւններ եւ ձերբակալուին այս հարցին հետ առնչութիւն ունեցող այլ մարդիկ: