Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ 2019 թուականի առաջին կիսամեակին Հայաստանի մէջ ծխախոտի արտադրութիւնը աճած է 6,8%-ով:
Մասնաւորապէս, այս տարուան յունուար-յունիսին արտադրուած է 14 միլիոն 754.0 հազար հատ ծխախոտ, իսկ 2018-ի նոյն ժամանակահատուածին՝ 13 միլիոն 812.6 հազար հատ ծխախոտ:
Արձանագրուած աճի հետեւանքով Հայաստանի մէջ ծխախոտի արտադրութեան մասնաբաժինը մշակող արդիւնաբերութեան մէջ կազմած է 28,8%: